Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերուն Եւ Սեղմ Յանձնախումբին Նիստերը Յետաձգուեցան
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը եւ ընտրական օրէնքին յատուկ սեղմ յանձնախումբը, որոնք երէկ պիտի գումարէին իրենց նիստերը, առկախեցին զանոնք` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:
Այս շրջագիծին մէջ պէտք է հաստատել, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն բոլոր երեսփոխանները, որոնց մէջ նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին պոյքոթի ենթարկեցին խորհրդարանի իրենց գործունէութիւնը:
Երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն ըսաւ. «Կը մաղթէինք երեսփոխաններէն, որ քննարկումները կատարուէին երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ եւ ոչ թէ անոնցմէ դուրս: Սակայն նկատի ունենալով երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութիւնը` նիստերը առկախուեցան, ի գիտութիւն խորհրդարանի նախագահին»:
CATEGORIES Լիբանանեան

