Մուսթաքպալի Պլոքը Եւ Ժահժահ Կը Մերժեն Երկխօսութեան Մասնակցիլ, Իսկ Ժեմայէլի Կեցուածքը Կը Մնայ Անորոշ
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք երեսփոխան Զիատ Քատիրի կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Մուսթաքպալ պլոքը կը մերժէ մասնակցիլ Ազգային երկխօսութեան բոլոր նիստերուն, այնքան ատեն որ Լիբանանի կառավարութիւնը ներկայացուած է այդ նիստերուն, որովհետեւ կառավարութիւնը մեղսակցած է հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան` իր հովանիին տակ առնելով ոճրային այդ արարքը:
Պլոքը նկատել տուաւ, որ այդ ոճիրը չէր պատահեր, եթէ ապահովական թերացումներ չարձանագրուէին, սկսեալ` Պէյրութի միջազգային օդակայանէն եւ գետնի վրայ ոճրագործներուն տրամադրուած օժանդակութենէն:
Քատիրի պլոքին անունով պահանջեց կառավարութեան հրաժարականը եւ կոչ ուղղեց կազմելու չէզոք ու փրկութեան կառավարութիւն մը, որուն նախագահն ու անդամները Մարտ 14-ի կամ Մարտ 8-ի ներկայացուցիչներ չըլլան:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ոճրային արարքներուն հովանաւորը կառավարութիւնն է, իսկ անոր օժանդակող հիմնական կողմը Սուրիոյ վարչակարգն է:
«Եթէ կը փափաքինք Լիբանանի մէջ սպանութեան ֆիլմաշարը կասեցնել, ապա Ազգային երկխօսութեան նիստին պէտք չէ մասնակցինք», նշեց ան:
Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ դիտել տուաւ, որ կուսակցութիւնը տակաւին իր վերջնական որոշումը չէ տուած` Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու առումով, սակայն ան վերահաստատեց, որ իրենք ընդդիմութիւն են եւ կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը` աւելցնելով, որ իրենք այս կառավարութեան վստահութեան քուէ իսկ չեն շնորհած:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահին հետ կատարած իր քննարկումներուն ընթացքին յայտնած է, որ իրենք կը նախընտրեն ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը:

