«Հասանը Սպաննող Կողմերն Են, Որոնք Կը Հրահրեն Փողոցը» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, վերահաստատեց իր դատապարտումը` հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանը թիրախ դարձուցած ոճիրին եւ կոչ ուղղեց բոլորին առիթ տալու դատական իշխանութիւններուն` գործելու եւ չկանխելու հետաքննութեան արդիւնքները:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ քաղաքական ամբաստանութիւնները կը խախտեն դատական իշխանութիւններուն հետապնդած օրինական հոլովոյթը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ իրենք պատասխանատու են երկրին ապահովական կայունութեան վերահաստատումին:
«Կը կարծեմ, որ Սաատ Հարիրիի եւ Ֆուատ Սինիորայի կոչը` վարչապետարանին մուտքին գտնուողներուն հեռացումին առումով, անբաւարար է, որովհետեւ զանազան շրջաններու մէջ տակաւին կան զինեալներ, որոնք ուղղակի բախումներ կ՛ունենան բանակին հետ: Այս իրականութեան լոյսին տակ ես իրաւունք ունիմ ամբաստանելու այս զինեալները հրահրող ուժերը: Հետեւաբար կրնամ ըսել, որ Հասանի սպանութիւնը գործող կողմերն են, որոնք նաեւ կը գրգռեն փողոցը եւ իրարանցում կը ստեղծեն», շեշտեց ան:
ՆՇԵՆՔ, որ զօր. Աուն յառաջիկայ ուրբաթ օր պիտի այցելէ Քանատա` ընկերակցութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի:


