Նախագահ Սլէյման Սինիորայի Հետ Քննարկեց Ազգային Երկխօսութեան Նիստին Թուականը Յառաջաձգելու Կարելիութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց Ազգային երկխօսութեան նիստին թուականը յառաջաձգելու կարելիութիւնը` մեկնելով այն իրականութենէն, որ ինք կը մերժէ Ազգային երկխօսութեան նիստը մերժող կեցուածքները:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը կը յաջողի միայն լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութեամբ, որմէ ետք միայն կարելի կ՛ըլլայ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ կատարել` վարչապետին անունը ճշդելու համար:
Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ երկրին մէջ անիշխանութիւնը կարմիր գիծ է:
Նախագահ Սլէյմանի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Սինիորա մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյման դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը, որուն լոյսին տակ երկրին մէջ կը վերահաստատուի ապահովական կայունութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ քաղաքական իշխանութիւնները կը զօրակցին լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան որդեգրած բոլոր քայլերուն, որոնք կ՛երաշխաւորեն երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը հեռու կը պահեն շրջանային զարգացումներէն:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիէն, որ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի գերիշխանութեան ու ապահովական կայունութեան: Արապի շեշտեց, որ Արաբական լիկան ամէն ձեւով պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին:


