Պէյրութի Մէջ Էշթըն Կը Շեշտէ Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Անհրաժեշտութիւնը
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն երէկ առաւօտեան ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն եւ բանակի հրամանատարին հետ:
Էշթըն Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին եւ դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:
Էշթըն զգուշացուց Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք ահաբեկչական արարքներէն` հաստատելով` որ անոնք կը յանգին յաւելեալ լարուածութեան:
«Ահաբեկչական նման արարքներ երկփեղկում եւ լարուածութիւն կը պատճառեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք քաջալերած է երկրին կայունութեան պահպանումը` Լիբանանի ազգային երկխօսութեան ընդմէջէն:
Էշթըն ընդգծեց, որ ինք կոչ ուղղած է լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն` դիմագրաւելու Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Էշթըն ողջունեց Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ որդեգրուած կեցուածքները եւ անոնց մատուցուած մարդասիրական օժանդակութիւնները:
Եւրոպական դիւանագիտութեան ներկայացուցիչը այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որուն ըսաւ, թէ Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան, խաղաղութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան: Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է այս հանգրուանին խուսափիլ անիշխանութենէն եւ կառչած մնալ պետական հաստատութիւններուն գործունէութեան ու նախագահ Սլէյմանի երկխօսութեան կոչերուն:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման Եւրոպական Միութենէն եւ միջազգային ընտանիքէն խնդրեց զօրակցիլ Լիբանանին` յատկապէս Սուրիայէն ժամանող սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու եւ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու առումով:
Այս շրջագիծին մէջ, Էշթըն խոստացաւ ամէն ջանք ի գործ դնել` օգնելու համար Լիբանանին:
Էշթըն այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որ երէկ առաւօտեան վերստանձնեց իր աշխատանքները:
Էշթըն Միքաթիի փոխանցեց Ե. Միութեան մտահոգութիւնը` Լիբանանի կայունութեան առումով: Ան շեշտեց, որ ոմանք կը փորձեն Լիբանանի վրայ կեդրոնանալով իրենց ուշադրութիւնը շեղել շրջանային այլ երկիրներէ` Լիբանանի մէջ դէպքեր հրահրելով:
Էշթըն բարձր գնահատեց Միքաթիի կեցուածքները եւ ողջունեց Լիբանանի ազգային միասնականութեան պահպանումը` այս դժուար օրերուն ընթացքին:
Այն Թինէի մէջ Էշթըն ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Էշթըն հաստատեց Լիբանանի կայունութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց խաղաղութիւնն ու պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը պահպանելու եւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Էշթըն ուղղուեցաւ նաեւ Եարզէ, ուր ընդունուեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի կողմէ:
Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին դերակատարութիւնը` երկրին սահմաններուն պահպանումին, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցութեան եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով:
Էշթըն շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը ջանայ յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրել բանակին:
Նախքան Լիբանանէն իր մեկնումը, Էշթըն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ:



