Եգիպտոս. Դեսպան Մելքոնեան Հանդիպում Ունեցաւ Գահիրէի Նահանգապետին Հետ

Երէկ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան հանդիպում ունեցաւ Գահիրէի նոր նշանակուած նահանգապետ Ուսամա Ահմետ Քամալի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Երեւանի եւ Գահիրէի միջեւ անմիջական կապերու զարգացման, մասնաւորաբար` երկու քաղաքներուն միջեւ իրաւական փաստաթուղթի ստորագրման, փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացման ու փոխադարձ նախաձեռնութիւններու իրականացման առնչուող հարցեր: Զրուցակիցները հեռանկարային նկատեցին համագործակցութիւնը զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ:

Երկու կողմերը բարձր գնահատեցին դարերու ընթացքին եգիպտահայերու նշանակալից ներդրումը Գահիրէի մշակութային-հասարակական կեանքին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES