Ռուսիա Կրկնապատկած Է Կովկասի Մէջ «Էս. 300» Հրթիռները. Մոսկուա Անթափանցելի Հակաօդային Պատ Մը Կառուցած Է Հայաստանի Մէջ

Ըստ յունական Defence.net կայքէջի հաղորդումին, արբանեակային լուսանկարներէ յայտնի կը դառնայ, թէ Մոսկուա անթափանցելի հակաօդային պատ մը կառուցած է Հայաստանի շուրջ:

Հարաւային Կովկասի շրջանը ներկայացնող արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան, թէ ընդհանուր շրջանին մէջ վերահսկողութիւնը սրած է: «Էս. 300» տիպի հրթիռներ տեղադրուած են Հայաստան` կտրուկ կերպով  բարձրացնելով ընդհանուր շրջանի օդային վերահսկողութիւնը:

Ըստ կայքէջի հաղորդած լրատուութեան, Մոսկուայի այս քայլերը ցոյց կու տան, թէ Ռուսիա որոշած է ուժգին դիրք որդեգրել` մտահոգուելով, թէ Ազրպէյճանի մէջ կրնայ բարձրանալ հրէական ռազմական զինուժը: Վերջին ժամանակաշրջանին աշխուժ քննարկումներ տեղի ունեցան Իրանի դէմ յարձակման հաւանականութիւններու մասին, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի կողմէ կովկասեան շրջանին վրայ ազդեցութեան ճնշման գծով:

Նշենք, որ 2008-ին Հայաստան ունէր «Էս.-300» տիպի հրթիռներու երեք մարտկոց` Երեւանի պաշտպանութեան համար: Ներկայ դրութեամբ Ռուսիա նոյն տիպի համակարգը զարգացուց Հայաստանի եւ Իրանի սահմաններուն վրայ, ինչպէս նաեւ երկու այլ «Էս.-300» մարտկոց հաստատեց Արցախի սահմաններէն 7 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Յունական կայքէջը, դարձեալ վկայակոչելով արբանեակային լուսանկարները, կը յայտնէ, որ նոր տեղադրուած զինուորական ուժերը կրնան ապահովել Ստեփանակերտի եւ նոր օդակայանի պաշտպանութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES