ՁՈՒԼՈՒՄ (ՋԱՐԴԷՆ ԵՏՔ)
26.2.2011
Այդ նոյն հողն է կարմիր,
Ուր ես ծընայ վերստին
Արմատներով լուսածիր:
Տէ՜ր Աստուած, դուն ո՞ւր էիր
Այդ պահուն, երբ ահաւոր
Ցաւ զգացի անսովոր,
Ու թշնամին անյարիր
Սուրը շարժեց լանջքիս տակ:
Խո՜ր ցաւիս հետ միասին
Արեւը լոկ մար մտաւ`
Տալու իր լոյսը բոսոր
Արեւմտեան աշխարհին.
Մութ գիշեր է, երկիւղով լուռ
Կը դիտեմ երկինքը
Փառապանծ:
Ի՜նչ աստղիկներ հոյլ առ հոյլ,
Բախտի խորշ գիրկը նետուած,
Մոխրացան այդ սեւ օրին,
Սանդուխներէն ինկան ցած.
Կրկին անգամ ես մնացի առանձին`
Ցաւերուս հետ գալարուած:
ԱԶՆԻՒ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
CATEGORIES Անդրադարձ