Գաղութէ-Գաղութ
Դամասկոս
Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման
21-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկ
Հոկտեմբեր 21-ին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 21-րդ տարեդարձին: Ներկայ էին հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ: Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ ընդունելութեան ներկայ էր բնապահպանութեան հարցերով պետական նախարար Նազիրա Սարգիսը:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանը: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի 21-ամեայ ուղիին` բարձր արժեւորելով Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը:
Ապա Արշակ Փոլատեան հայ համայնքի կարգ մը ներկայացուցիչներուն յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն կողմէ տրամադրուած շքանշաններն ու պատուոյ գիրերը:
Սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուպար» շքանշանով պարգեւատրուեցան Նուպար Մելիքեան եւ Թագւոր Պոյաճեան` հայապահպանման գործի մէջ իրենց ունեցած աւանդին համար: Սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Մովսէս Հալլաճեան: Սփիւռքի նախարարութեան ի պատուոյ գիրեր յանձնուեցան Զապել Եագուպեան-Եիրիկեանի եւ Ասատուր Կէոնճեանի: Մշակոյթի նախարարութեան «Ոսկէ» շքանշանով պարգեւատրուեցան` Երատօ Գրիգորեան, Աստղիկ Ակինեան, Սարգիս Քեշիշեան, Ժոզէֆ Ղազարեան եւ Սարգիս Պասմաճեան` սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթը պահպանելու եւ զարգացնելու իմաստով անոնց ունեցած դերակատարութեան համար:
Ապա, համաձայն Հայաստանի կառավարութեան որոշման, դեսպանը առաջին անգամ հանդիսաւորութեամբ Հայաստանի քաղաքացիի անձնագիրներ յանձնեց սուրիահայ երկու անձերու` Արփի Մակարեանին եւ Սոնիա Առաքելեանին:
Նուպար Մելիքեան Կը Պարգեւատրուի
«Պօղոս Նուպար» Շքանշանով
Հայապահպանման իմաստով ունեցած աւանդի համար եւ սփիւռք-Հայաստան կապերու զարգացման գծով աշխուժ մասնակցութիւն ունենալուն համար Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուպար» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ նաեւ դամասկահայ ազգային գործիչ Նուպար Մելիքեանը:
Նուպար Մելիքեան 1990-1998 Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ էր: Համազգայինի 70-ամեակի առթիւ ան պարգեւատրուած է Համազգայինի Դամասկոսի «Լեւոն Շանթ» վարչութեան եւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կողմէ:
Աշխուժ մասնակցութիւն բերած է
սփիւռք-Հայաստան խորհրդաժողովներու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հայաստանեան մշակութային խումբերը Սուրիա ժամանումը կազմակերպելու գծով: 2007-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ ստացած է Կիլիկեան Ասպետի շքանշանը:
Օժանդակած է Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան` Սուրիոյ մէջ հայ ուսանողներու կեցութիւնը կազմակերպելու եւ անվտանգութիւնը ապահովելու գծով:
Աշխուժ մասնակցութիւն բերած է նաեւ Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներուն օժանդակութեան ապահովման եւ անձամբ Հայաստան հասցնելու ու բաշխելու գործին մէջ, ինչպէս նաեւ տուժած գօտիներուն երեխաները Սուրիա տեղափոխելու աշխատանքին մէջ:
Մշակոյթի Օրուան
Տօնակատարութիւններ
12 հոկտեմբերին Հայ ուսանողական «Չարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ միութեան գրական-գեղարուեստական միաւորին, տեղի ունեցաւ Հայ մշակոյթի օրուան տօնակատարութիւն: Բացման խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կը բովանդակէր երգեր, ասմունք, պարեր, նաեւ` տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Նախաձեռնութեամբ ՀՄԱԿ-ի արուեստից միութեան, 12 հոկտեմբերին, «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մշակոյթի օրուան նուիրուած ձեռնարկ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի «Ծովակ» աւանդական երգի-պարի խումբը, որ Թիւրքմենստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ տեղի ունեցած փառատօնին գրաւած էր երրորդ դիրքը:
Աւարտին կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան փոխնախագահ Հրաչ Զարիֆեան գնահատեց խումբն ու խմբավարները` իրենց գեղեցիկ ներկայացման համար եւ յուշանուէրներ յանձնեց խումբի ղեկավարներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մշակոյթի կեդրոնի «Ծովակ» աւանդական երգի-պարի պետական համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեանի եւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանակակիր կրթութեան եւ նախարարութեան մշակոյթի կեդրոնի գեղարուեստական ղեկավար Սամուէլ Բալոյեանին:
– Նախաձեռնութեամբ ՀՄ «Սիփան» միութեան արուեստից բաժանմունքին, 13 հոկտեմբերին միութեան «Նայիրի» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայ մշակոյթի օրը: Օրուան առթիւ բանախօսեց Մակար վրդ. Աշգարեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նախաձեռնութեամբ Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան, 12 հոկտեմբերին «Նայիրի» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ձեռնարկ:
Օրուան բանախօսն էր բանաստեղծ Ալմին, որ ծանրացաւ մշակոյթ հասկացողութեան պահպանման ուղղուած մարտահրաւէրներուն վրայ` շեշտելով արտագաղթի վտանգներու մասին գիտակցելու փաստը:
Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան «Էրեբունի» պարային համոյթը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան ասմունքներ եւ պարեր:
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Կոմիտաս քհնյ. Ղարախանեանի օրհնութեան խօսքով:
Թեհրան
Ս. Թարգմանչաց Տօնին Առթիւ Պատարագ Եւ
Հայ Գիրքի 10-րդ Ցուցահանդէսի Բացումը
-Հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, նախաձեռնութեամբ ԹՀԹ քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբին, 11 հոկտեմբերին` Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, իսկ 13 հոկտեմբերին` Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող «Շաղուլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի տարուան նուիրուած Հայ գիրքի 10-րդ ցուցահանդէսի բացում:
– Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Թեհրանի Սասուն քաղաքամասի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, 13 հոկտեմբերին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ տօները առիթներ են, որ անդրադառնանք մեր առաքելութեան աւելցնելով, որ Թարգմանչաց տօնը մարտահրաւէր մըն է որպէսզի թօթափենք մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներու հանդէպ անտարբերութիւնը:
Նոր Ջուղա
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար
Հրանուշ Յակոբեանի Այցելութիւնը
1 հոկտեմբերին, Սպահանի Հայոց թեմական խորհուրդին հրաւէրով, Նոր Ջուղա ժամանեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեանի:
Նոյն օրը, երեկոյեան Նոր Ջուղայի «Արարատ» միութեան մարզասրահին կից բացօթեայ տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Սպահանի Հայոց թեմական խորհուրդի ատենապետ Նոէլ Մինասեան խօսք առնելով անդրադարձաւ 400-ամեայ համայնքի դերակատարութեան` պատմութեան տարբեր ժամանակներու մէջ: Մինասեանը խորհրդանշական համարելով նախարարի առաջին այցելութեան զուգադիպումը սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման քառամեակին, որ տեղի ունեցաւ 1 հոկտեմբեր 2008-ին, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նախարարին` Հայաստանի Հանրապետութեան ամենակարեւոր ու մեծ աշխատանքային ոլորտ պարունակող նախարարութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելուն համար:
Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան իր կարգին մեծ պատիւ համարեց սփիւռքի նախարարին ներկայութիւնը մասնակցելու դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած Հայաստանի անկախութեան 21-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկին:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Եզրափակիչ բաժնով խօսք առաւ նախարարը: Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց անկախութեան 21 տարիներու ընթացքին յաղթահարած շարք մը դժուարութիւններն ու ձեռքբերումները:
Ան անդրադառնալով Նոր Ջուղայի ունեցած դերակատարութեան` Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն մէջ, հաստատեց, որ Իրանի մէջ ապրող մեր հայկական համայնքը դարձած է այն ուժեղ ու հաստատուն կամուրջը, որու շնորհիւ` Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունի այս յարաբերութիւնը:
Աւարտին նախարարի ձեռամբ նախարարութեան ոսկիէ մետալներով պարգեւատրուեցան` Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նոէլ Մինասեան: Սրբազան հօր շրջանէն բացակայութեան պատճառով մետալը ստացաւ Անանիա վրդ. Գուճանեան:
Պատուոյ գիրեր շնորհուեցան թեմի Պատգամաւորական ժողովի դիւանի եւ Կրօնական խորհուրդի ատենապետներ Աշոտ Դաւթեանի ու Արշալոյս Խիւտավերտեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան մետալներով պարգեւատրուեցան վաստակաւոր ուսուցիչ Լեւոն Մինասեան եւ գրող-բանաստեղծ Ազատ Մաթեան, իսկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Նոր Ջուղայի Հայ ՄՄ «Արարատ» միութեան:
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը
13 հոկտեմբերին Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ Արեմաթացու անուան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Այնուհետեւ Ս. Ամենափրկիչ վանքի թանգարանի մուտքին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի կիսանդրիներուն մօտ գործադրուեցաւ աշակերտական գեղարուեստական յայտագիր` հաղորդավարութեամբ ուսուցչուհի Միգանուշ Տէր Մարտիրոսեանի:
Թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան իր քարոզին մէջ մեծ երախտագիտութեամբ յիշեց թարգմանիչ վարդապետները` կոչ ուղղելով աշակերտներուն հաւատարիմ մնալ հայոց լեզուին, որպէսզի արժանաւոր ժառանգորդները դառնան Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ հայրապետի, Մովսէս Քերթողի, Նարեկացիի, Շնորհալիի:
Հնդկաստան
Հայ Տպագրութեան 500-Ամեակ
Հոկտեմբեր 13-ին Կալկաթայի (Հնդկաստան) Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ նշուեցաւ Հայ տպագրութեան 500-ամեակը:
Մարդասիրական ճեմարանը «Սքոլաստիկ» կազմակերպութեան հետ կազմակերպած էր գիրքի ցուցահանդէս-վաճառք` 2 օրերու վրայ, ուր ցուցադրուած էին ճեմարանի 184-ամեայ «Արարատեան» գրադարանի հայերէն եւ անգլերէն հնատիպ գիրքերը:
Ձեռնարկին ընթացքին բանախօսեց Կալկաթայի Ամերիկեան գրադարանի տնօրէն տոքթ. Սուշանթա Պաներճի, որ խօսեցաւ «Ընթերցանութեան կարեւորութիւնը» նիւթին շուրջ: Ան անդրադարձաւ հայ տպագրութեան եւ անոր ծագումին` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը օգտագործեց Կիւթենպերկի գիւտը եւ մնայուն տպագիր բառի շնորհիւ` կրցաւ պահպանել իր լեզուն եւ եկեղեցական ձեռագրերը, հետեւաբար ազգային ինքնութիւնն ու իմաստնութիւնը` հետագայ դարերու ընթացքին:
Յունաստան
Հայաստանի Հանրային Խորհուրդի Նախագահ
Վազգէն Մանուկեանին Գլխաւորած
Պատուիրակութեան Հանդիպումները
Անցեալ շաբաթ Հայաստանի Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան այցելեց Աթէնք` ունենալով հանդիպումներու շարք մը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի Հանրային խորհուրդի անդամներ` ՀԽ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ ՀԽ գրասենեակի պատասխանատու Յակոբ Բարխուդարեան:
Հոկտեմբեր 16-ին հայրենի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Տնտեսական եւ հանրային խորհուրդի նախագահ Խրիսթոս Փոլիզողոփուլոսի եւ խորհուրդի այլ անդամներու հետ: Հանդիպումին ներկայ էր Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան:
Երկու կողմերը քննարկեցին համագործակցութեան ընդլայնման միջոցներ` հանրային-հասարակական գետնի տարբեր բնագաւառներու մէջ: Աշխատանքային հանդիպումը յատկապէս կեդրոնացաւ կրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան արդիւնաւորման, համալսարաններու միջեւ փոխանակումներու, բնապահպանական, ուժանիւթային, տնտեսութեան վերաբերող տարբեր հարցերու, ինչպէս նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու միջոցով տարուող գործունէութեանց:
Հայրենի պատուիրակութիւնը գնահատեց յունական կողմին փորձառութիւնը` հանրային-գիտական-քաղաքական մարզերուն մէջ, իսկ յունական կողմը համագործակցութիւնը ընդլայնելու պատրաստակամութիւն յայտնեց:
Հայրենի պատուիրակութիւնը նաեւ տեսակցութիւն ունեցաւ փոխ նախարար Քոնսթանտինոս Ցիարասի հետ:
Փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշուեցաւ յուշագրի նախագիծ մը պատրաստել Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մերձեցման քաղաքականութիւնը յառաջ տանելու իմաստով:
Հայաստանի Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ յունահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Ծանօթացաւ
Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ
Շինարարութեան Նորագոյն Փուլին
Հոկտեմբեր 4-ին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ժամանեց Լաս Վեկաս` մօտէն հետեւելու համար քաղաքի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներու նորագոյն քայլերուն:
Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի ու ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի ընկերակցութեամբ, առաջնորդ սրբազանը այցելեց եկեղեցի եւ գոհունակութիւն արձանագրեց տարուած աշխատանքին համար` բարձր գնահատելով ծխական յանձնախումբին հետեւողական աշխատանքը:
Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը հանդիպում ունեցաւ նաեւ ազգային բարերար Քըրք Գրգորեանի նախաձեռնութեամբ` «Տրիմ Ֆոնտ»-ի Լաս Վեկասի պատասխանատու-ներկայացուցիչ Լինտի Շումախըրի հետ, նկատի ունենալով, որ հիմնադրամը իշխանական նուիրատուութեամբ մը աջակից է եկեղեցւոյ ու Հայ կեդրոնի ծրագիրին իրականացման:
Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց «Տրիմ Ֆոնտ»-ի կողմէ ուսումնական 2012-2013 տարեշրջանին ազգային վարժարաններուն տրամադրուած յատուկ յատկացումին համար, որ մեծապէս կը նպաստէ սերնդակերտ աշխատանքին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն արտայայտեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ու համայնքային կեդրոնին շուրջ ամիս մը առաջ տրամադրուած առատաձեռն նուիրատուութեան համար:
Իր կարգին Լաս Վեկաս ժամանեց նաեւ Ազգային վարչութեան անդամ եւ կալուածոց յանձնախումբի ատենապետ Վահան Պզտիկեան` ծանօթանալու աշխատանքներու ընթացքին ու մասնակից դառնալու յառաջիկայ քայլերուն մասին խորհրդակցութիւններուն:
Հոկտեմբեր 5-ին տեղի ունեցաւ գմբէթի կառոյցի օրհնութիւն, բարձրացում եւ զետեղում:
Նշենք, որ առաջնորդ սրբազանին Լաս Վեկաս այցելութեան առիթով նախատեսուած է եկեղեցւոյ գմբէթին զետեղումը:
Քանատա
Մուշեղ Գարագաշեան Կը Պարգեւատրուի
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Շքանշանով
Թորոնթոյի Հայ օգնութեան միութեան ամէնօրեայ վարժարանի Կրթական մարմինին խնդրանքով թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան դիմեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որպէսզի վարժարանի 25-ամեայ դաստիարակ Մուշեղ Գարագաշեան պարգեւատրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Արդարեւ, 14 հոկտեմբերին, Ս. Թարգմանչաց տօնին առիթով, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագի ընթացքին սրբազանը կարդաց Արամ Ա. վեհափառին սրբատառ կոնդակը, ուր ան բարձրօրէն կը գնահատէր Մուշեղ Գարագաշեանը` իր 25-ամեայ ծառայութեան համար: Ապա յանձնեց շքանշանը:
Խաժակ արք. Յակոբեան իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, թէ Մուշեղ Գարագաշեան դաստիարակած է հազարաւոր աշակերտներ ոչ միայն 25 տարիներու ընթացքին, այլ 50 տարուան իր ընդհանուր ծառայութեան ընդմէջէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն` Իրաք ու մինչեւ Քանատայի ափերը, աւելցնելով, որ բազմամեայ ու բոլորանուէր ծառայութեան ընթացքին ան անսակարկօրէն ծառայեց հայ վարժարանին ու մանուկին` միշտ վայելելով մեծին ու փոքրին սէրն ու յարգանքը:
Պատրաստեց՝
ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ




