Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Նշեն Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը

Ամէն հոկտեմբերին զանազան հանդիսութիւններով եւ տօնախմբութիւններով կը նշուի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր գործակիցներուն այն անգնահատելի իրագործումը, որ ծանօթ է այբուբենի գիւտով եւ Ե. դարու գրական եւ մատենագրական հարուստ վաստակով:

Արդարեւ, ուրբաթ, 19 հոկտեմբեր 2012-ին, այս տարեշրջանի Գ. Հարպոյեան վարժարանի առաջին ատենամարզանքը նուիրուած էր Թարգմանչաց տօնին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մանկապարտէզի աշակերտները հայ լեզուին մասին խմբային արտասանութիւններով եւ երգով մասնակցութիւն բերին այս տօնակատարութեան: Ապա վարժարանին երգչախումբը հրամցուց «Իմ մայր լեզու» երգը:

Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ունեցած տեսիլքը եւ գիրերու գիւտը նկարագրող կենդանի պատկերը բաւական տպաւորիչ եւ գեղեցիկ կերպով ներկայացուեցաւ, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց Սեպուհ վրդ. Կարապետեան:

Պատգամախօսը նշեց, թէ` «Թարգմանչաց տօնը մեր պատմութիւնը եւ ինքնութիւնը կերտող դէպքերէն մէկն է: Պատմութիւն մը, որով պէտք է հպարտանալ ու պարծենալ, որովհետեւ մեզի տուաւ գիր, գրականութիւն, մշակոյթ եւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն: Սակայն այսօր որքանո՞վ հաւատարիմ ենք այս փառքին»:

Վարդապետը աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ` «երբ թուրքը կը ջարդէր հայ մարդը եւ անոր ընդմէջէն հայ մշակոյթը, հայ տառապեալ ու կմախքացած մայրը գողգոթայի ճամբուն վրայ այբուբենը որպէս ժառանգութիւն կը կտակէր իր զաւակին: Հետեւաբար մեր խղճի պարտքն է պահպանել մեր լեզուն, տէր կանգնիլ անոր, պայքարիլ` մեր ազգային, հոգեւոր ու մշակութային վերածնունդին ի խնդիր»:

Վարդապետը իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, թէ ի՛նչ օգուտ ունի օտար լեզուներ գիտնալ եւ մայր լեզուն անգիտանալ, հայ աշակերտը մղելով դառնալ հայ գիրի զինուորը եւ հայ գիրքին բարեկամը:

«Մեսրոպ Մաշտոցին» եւ «Մեր Լեզուն» խմբային արտասանութիւններէն ետք «Կիլիկիա» երգին նուագակցութիւնը կատարեցին դաշնամուրի վրայ Լիւսի Ղարիպեան, իսկ ջութակով` Գէորգ Ներսէսեան:

Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան խօսք առնելով` ըսաւ. «Մեզի համար պատիւ է եւ յոյսի աղբիւր, որ իւրաքանչիւր կրթական տարեշրջանի առաջին ատենամարզանքը նուիրուած կ՛ըլլայ Մեսրոպ Մաշտոցի հայերէն գիրերու սրբազան գիւտին, որ դարեր շարունակ սփիւռքի մէջ մեզ պաշտպանեց որպէս հայ գաղութ եւ հայ ժողովուրդ, եւ այսօր մեր կարգն է պաշտպանել այդ մեսրոպեան զինուորները, առանց որոնց` ոչնչացած պիտի ըլլայինք եւ` պատմութեան փոշիներուն մէջ անցած»:

Ռ. Պոյաճեան ծնողներուն պարտականութիւնը համարեց իրենց զաւակը հայ դպրոց ուղարկել եւ զանոնք մղել խանդավառութեամբ հայերէն խօսելու եւ գրելու, ոչ միայն փոքր տարիքին, այլ` յարատեւ եւ միշտ: Տնօրէնուհին իր խօսքը փակեց շեշտելով կարեւորութիւնը հայ լեզուին սփիւռքահայերը իրար կամրջող յատկութեան:

Share this Article
CATEGORIES