Յուշատետր. Օրուան Ուրախութիւններն Ու Տխրութիւնները

Ռ. Հ.

Անշուշտ ո՛չ մէկը կ՛ընէ, բայց ճիշդ կ՛ըլլայ, որ մարդ ամէն իրիկուն, անկողին մտնելէ եւ օրը փակելէ առաջ, նստի ու հաշուէ, թէ այդ օր որքա՞ն ժամանակ ուրախութիւն ապրեցաւ, որքա՞ն ժամանակ ապրեցաւ տխրութիւն: Բազմաթիւ առեւտրականներ թերեւս գիշերը անկողին մտնելէ առաջ օրուան հաշուեյարդարը կ՛ընեն: Այդ օր որքա՞ն շահեցան կամ այդ օր որքա՞ն կորսնցուցին: Կը հաշուեն թուղթի վրայ: Կամ` իրենց միտքէն: Վերջին հաշուով, իրենք իրենց հարց կու տան, թէ այդ օրուան աւարտին դրակա՞ն է հաշուեյարդարը, թէ՞ ժխտական: Նոյնը կ՛արժէր, որ ընէինք մեր ուրախութիւններուն ու տխրութիւններուն առնչութեամբ: Թուղթի վրայ, կամ` մտովի:

Մարդուս օրերը իրարու չեն նմանիր: Մեր օրերը երբեմն կը լեցուին ուրախառիթ եղելութիւններով, երբեմն ալ դժբախտաբար անոնք կը մնան տխուր իրադարձութիւններու ճնշումին տակ: Երբեմն միայն ուրախութիւններով կը լեցուի մեր օրը, երբեմն` միայն տխրութեամբ: Բայց կը կարծենք, թէ սխալ բան ըսած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ քիչ անգամ է, որ մարդու մը կեանքը կը լեցուի միայն մէկով կամ միւսով: Մեր օրերը կը լեցուին երկուքով ալ: Մեր օրերը ընդհանրապէս կը տատանին ուրախութիւններու ու տխրութիւններու միջեւ: Պայման չէ, որ ուժեղ ու կարեւոր ուրախութիւններ կամ տխրութիւններ ըլլան անոնք: Բոլոր անհատներու համար մաղթելի բացառիկ ուրախութիւններու ու երջանկութիւններու կողքին, եւ մեր թշնամիին համար իսկ անբաղձալի ամենամեծ դժբախտութիւններու կողքին, մենք կ՛ապրինք համեստ ուրախութիւններ, գոհունակութիւններ, բաւարարութիւններ, ինչպէս նաեւ` փոքր ինչ յուսախաբութիւններ, դառնութիւններ, դժգոհութիւններ: Թէ անոնք որքա՛ն շատ ու այլազան են, կրնայինք այդ մասին գաղափար մը կազմել այն ատեն միայն, եթէ գիշերը իսկապէս նստէինք ու հաշուեյարդար մը ընէինք: Բայց չենք ըներ այդ հաշուեյարդարը եւ օրուան այդ մանր ուրախութիւններն ու տխրութիւններն ալ գիշերը մեզի հետ քուն կը մտնեն ու կը մոռցուին: Բայց ո՞վ կրնայ պնդել, թէ անոնք հետք մը չեն թողուր մեր անհատականութեան վրայ, բան մը չեն կառուցաներ մեր ներաշխարհին մէջ կամ բան մը չեն քանդեր մեր ներաշխարհին մէջ: Ո՞վ կրնայ պնդել, թէ անոնք մեր կեանքին գլխաւոր համեմը կը կազմեն, երբեմն քաղցրութիւն տալով մեր ապրումներուն, երբեմն ալ` դառնացնելով կամ թթուեցնելով մեր ապրումները:

Բայց այս հարցին շուրջ մտածելու ընթացքին միշտ ալ կարելի պիտի ըլլայ ուղղել սա հարցումը.

Մեր առօրեայ ժամերուն մէջ չկա՞ն ժամեր, որոնց համար պիտի կարենանք ըսել, թէ «չէզոք» ժամեր են, այսինքն այնպիսի ժամեր են, որոնց ընթացքին ո՛չ ուրախութեան զգայնութիւն մը ունինք, ո՛չ ալ տխրութեան: Մարդիկ անպայման տխրութիւն մը կամ ուրախութի՞ւն մը պիտի զգան, չկա՞ն ժամեր, վայրկեաններ, որոնց ընթացքին ուրախութեան կամ տխրութեան մէջ ջերմաչափը չափելիք բան չունենայ, որոնց ընթացքին մենք մեր կեանքը ապրինք տխրութիւններու կամ ուրախութիւններու բացակայութենէն ծնունդ առնող չէզոքութեան մը մէջ:

Անպայման կան, բայց մենք այդ չէզոք վայրկեանները կ՛ապրինք պարզապէս անոր համար, որ միջոցի մը համար կը մոռնանք ինչ-ինչ ուրախութիւններ կամ տխրութիւններ, որոնք կը ծփան մեր ներաշխարհին մէջ: Ուրիշ բաներով զբաղած ենք ու կը մոռնանք զանոնք: Բայց անոնցմէ մէկը կամ միւսը յանկարծ կրնայ ինքզինք յիշեցնել մեզի եւ վերջ կու տայ մեր չէզոք հոգեվիճակին` իր դրոշմը դնելով մեր տրամադրութեան վրայ: Ենթադրենք, որ առաւօտուն բարեկամ մը բարի լուր մը տուաւ մեզի: Ուրախացանք: Կէս ժամ, մէկ ժամ մնացինք այդ բարի լուրին ստեղծած ուրախ տրամադրութեան մէջ: Յետոյ ուրիշ բանով զբաղեցանք եւ զայն մոռցանք: Բայց ասիկա իրական մոռացում չէ: Ասիկա այդ ուրախութիւնը կարճ ժամանակի համար մէկդի դնել է: Քիչ վերջ դարձեալ մեր սիրտը պիտի բանանք այդ ուրախութեան:

Կրնանք մտածել, որ ուրախութիւններու կամ տխրութիւններու բացակայութենէն ծնունդ առնող չէզոք վայրկեանները մարդուս համար բնականոն չեն, որովհետեւ մարդ արարածը ամէն վայրկեան պատրաստ է յանձնուելու ուրախութեան մը կամ տխրութեան մը, գոհունակութեան մը կամ բարկութեան մը, ժպիտի մը կամ արցունքի մը: Մարդուն հոգեբանութիւնը պէտք ունի ասոնց, ասոնցմո՛վ է, որ կը սնանի: Եւ առօրեայ ապրումներու մէջ մանր մունր տխրութիւններն ալ այնքան կենսական դեր կը կատարեն, որքան կը կատարեն մանր մունր ուրախութիւնները:

Եւ հոգեբանօրէն ըսուած` կրնանք մտածել, որ չէզոք վայրկեանները ուրիշ բան չեն եթէ ոչ ուրախութեան մը կամ տխրութեան մը սպասելու վայրկեաններ:

 

[email protected]

Share this Article
CATEGORIES