«Բագին» 50 Գրական Հանդէսը Եւ Մենք
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
ԻԱ. դարու հայկական գրական հանդէսները, մասնաւորաբար` սփիւռք(ներ)ի, կը յիշեցնեն վերջին մոհիկաններու կռիւը` չանհետանալու վերջին յոյսով, կամ Տոն Քիշոթի արշաւանքը հողմաղացներու դէմ` գոյութիւն չունեցող թշնամիին դէմ, եւ կամ` Սիզիփոսի առասպելը, երբ ժայռը լեռ կը բարձրացուի` գիտնալով, որ վար պիտի գլտորի եւ նոյն աշխատանքը պիտի վերսկսի:
Մոհիկաններու շարքերը նօսրացած են կարենալ ուժ ըլլալու համար: Հայերէն բառ, գիր, գրականութիւն, գիրք, ամէն օր քիչ մը աւելի կը զրկուին սակարանային արժէքէ, կը վերածուին թուղթի: Երազի եւ արժէքի հաւատացողներ տեղ չունին, մարդիկ չեն ուզեր Սերվանթեսի հերոսը ըլլալ: Վերականգնումի հաւատացող «ծուռ» ասպետները կը խամրին, կը դառնան սիւնակեաց ճգնաւորներ` սուրբին պէս:
Դեռ կան «արձակազէններ»… Բառը տարբեր լեզուներով կը գործածենք: Հայերէնը չգործածուելով` չի հասկցուիր:
Երեւոյթը չ’անհանգստացներ զանգուածը եւ «էսթեպլիշմընթ»-ները: Կարդացէք մեծանուն ժողովներու եւ խորհրդաժողովներու օրակարգերը, յայտարարութիւնները, գէթ` հետաքրքրութեան համար: Գիր, գրականութիւն, գիրք, տօնական օրերու համար են, ծափի: Ծափի տեւողութեամբ: Գինեձօն եթէ չըլլայ, գրատան դուռը հրողները Ալպեան ծաղիկի կը նմանին: Ո՛չ վիրաւորող կայ, ո՛չ ալ վիրաւորուող:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), գրական հանդէսները, նաեւ գիրքերը, դեռ կեանք ունին, ոչ թէ որովհետեւ ինքնութեամբ եւ հարազատութեամբ շնչող զօրակցութիւն կայ «հայերու» կողմէ (յոգնակի), այլ որովհետեւ հայկական աւանդութեամբ հաւատաւոր մեկենասներ կան, որոնց անունները մատներու վրայ կը համրուին: Անոնց թիւն ալ պիտի նուազի, քանի որ շատեր կը նախընտրեն դարպասին կամ դրան մուտքին, մարմար սալիկի վրայ իրենց անունը տեսնել: Ազգ մը ինքնութիւն կը պահէ եւ կը տեւէ իր զանգուածներով, այլապէս կը մնան ընտրանի համարուող բջիջներ, բայց` մինչեւ ե՞րբ եւ ո՞ւր հասնելու համար:
Գրականութիւնը տպաւորելու կոչուած աղմուկի խրախճանք չէ, ուր ալքոլի սոխի գոյն, սեւի եւ կապոյտի ցուցահանդէս կ’ըլլայ: Դանիէլ Վարուժան կ’ըսէր, որ հայ մեծերը նստած էին ըստ իրենց սուրերու մեծութեան: Սուրը չկայ, բայց մեծութեան մարմաջը կայ:
Գրական հանդէսները կարծէք գաղտնասացութեան պարտէզներ են: Զանգուածի ականջը խլացուցած ենք կարգախօսային կամ փող-թմբուկի աղմուկով, եւ մակերեսէն անդին եղած իմաստ փոխադրող բառը չի լսուիր: Իմաստ, որ ինքնութիւն է, որ վաղուան տեսիլքն է, քաջութեամբ ինքզինք տեսնելու հայելի:
Հայութեան «բաբախող սիրտ» համարուող հայաքաղաքին մէջ դեռ հայերէն խօսող հայ երիտասարդին հարցուցէ՛ք, թէ «Բագին» կը ստանա՞յ… Պատասխան. «Ի՞նչ է «Բագին»-ը… Ի՞նչ պիտի ըսէ Վանքուվըրի հայը, որ հիմա չինարէն ալ կը սորվի, որովհետեւ ան օգտակար է առեւտուրի համար…
Եւ այս դառն խօսքերը անոնք պիտի չլսեն:
Վերջին մոհիկանները արդէն վերջի՞ն են:
Գրական հանդէսը ժողովուրդի մը հարազատ հոգեկան աշխարհը կը բերէ ապրողներուն: Այդ աշխարհի ընկալումով կը բացատրուին, կը չափուին, այդ ժողովուրդին ինքնութիւնը, տարբերութիւնը շրջապատէն, անկախութիւնը, ինքնութիւնը բոլոր ժամանակներուն մէջ գոյութիւն ունեցած այլասերումներէն: Գրական հանդէսներու մէջ կը խմորուին` անցեալի շարունակութիւն ենթահողի վրայ` նորը, ըլլալու համար ստեղծագործութիւն եւ հարստացում, ոչ խզում եւ հրաժարում: Առանց մոհիկաններու` նորը անինքնութիւն կապկում կը դառնայ:
Գրական հանդէսը հատոր չէ, ընտրանիի մը համար չէ, ան կամուրջ պէտք է ըլլայ (ըլլար) այդ ընտրանիին եւ ժողովուրդին միջեւ, որպէսզի հոգեկան-ոգեկան հարստութիւնը եւ գեղեցկութիւնը պահուին, որպէսզի մարդիկ չըլլան սոսկ մարսողական գործարաններ, որոնք գոյութիւն կը պահեն համադամներ սպառելով եւ զանոնք համեմելով տակառային թամ-թամով` խեղդելով ինքնութիւն եւ ինքնուրոյնութիւն:
Հոգեկան արժէքներ, գեղեցիկը, հարազատութիւնը, անցեալի ժառանգութիւնը փոխ չեն առնուիր, վարձու սենեակ չեն: Անոնք կ’ենթադրեն մասնակցութիւնը, տարբերութիւնները ապրեցնելու համար միասին ըլլալու ցանկութիւնը, որ մեծ վաճառատուներէ չի գնուիր:
Գիրքը, գրական հանդէսը, կրողներն են ինքնատիպ տարբերութեան, որ մշակոյթ է, այլապէս անհատները կը ստանան նոր ամանի մէջ դրուած ջուրին կերպարանքը:
Երեւան գիրքի մայրաքաղաք, հայ տպագրութեան հինգհարիւրամեակ, «Բագին»-ի յիսնամեակ: Տօնախմբութիւն եւ ծափեր, հրավառութիւններ եւ ծափեր: Զուարճութիւն` մենք մեզմէ դուրս բանտարկուելու համար:
Ծափահարուած գեղեցկութիւնները եւ հարստութիւնները տեղ ունի՞ն մեր հոգիին եւ տուներուն մէջ: Գէթ մէկ անգամ մենք մեզի պատասխան տանք:
Հերոսութիւնը միայն «քալաշինքով»-ով չ’ըլլար:
Օր մըն ալ պէտք է խօսուի «Բագին»-ի անցած յիսուն տարիներու հերոսական ուղիի մասին` Բանը եւ Հայը պահելու համար:
Այսօր ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի գիրը, գիրքը, գրականութիւնը, գրական հանդէսը շարունակեն մնալ պատուանդան Բանը եւ Հայը պահելու համար:
Իսկ Հա՞յը… պատուանդա՞ն է: Ինչպէ՞ս այս հարցումը ուղղել իւրաքանչիւր հայու, գէթ ուղղել, հոգ չէ եթէ նոյնիսկ պատասխան տուող պիտի չըլլայ:
Հայեր` Քամչաթքայէն մինչեւ Հրոյ Երկիր, Միջերկրականէն մինչեւ Խաղաղական, որպէսզի խօսած չըլլանք փակ դռներու ետին, ինչ որ կ’ընենք չանհանգստանալու եւ չանհանգստացնելու համար:
Ֆրանսացին կ’ըսէ` «այսպէս կ’երթայ կեանքը», ո՞ր կեանքը:
Ainsi va la vie…
Սոխի գոյն, սեւ կամ կապոյտ ոգելից ըմպելի…
12 հոկտեմբեր 2012, Պուրճ Համուտ

