Ճատրակ. Դանիէլեան Եւ Մկրտչեան Պիտի Մասնակցին Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 10 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր Ռուսիոյ Խանթի Մանսիսք քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ճատրակի աղջկանց ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան:

Ախոյեանութեան սկիզբէն տասը օր առաջ, հայրենի կրանտմասթըրները ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարեն Ծաղկաձորի մէջ:

«Աշխարհի այս ախոյեանութիւնը տարբեր է միւսներէն, որովհետեւ տեղի կ՛ունենայ նաք-աութի դրութեամբ: Անիկա շատ դժուար պիտի ըլլայ», ըսաւ Դանիէլեան:

Իսկ Մկրտչեան քիչ մը աւելի յուսալից ըլլալով ըսաւ, որ «թէեւ անիկա դժուար մրցաշարք մըն է, սակայն լաւ արդիւնքի հասնելու յոյսեր ունինք»:

Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 33 երկիրներէ 64 ճատրակ խաղացողներ:

Share this Article
CATEGORIES