Կրակէ Աներեւոյթ Պարիսպներով Շրջապատուած

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ամիսներ անցան այն օրէն, երբ դարանակալ անտես ձեռքեր հինաւուրց, դարաւոր Հալէպ քաղաքի կողերը սկսան փորփրել: Երկու հազար տարիներ շարունակ Հալէպի բերդի` պատմութեան սխրագործութիւններով տաշուած քարերը այժմ անմտօրէն հրաձգուած հրթիռներու ռմբակոծումներէն սկսան ատամնաթափ ըլլալ եւ խեղճանալ, ոչ օտար բռնակալներու, այլ հարազատ, իր անմիաբան զաւակներու երկու հակադիր ուժերու կողմէ:

Տիգրան Մեծի օրերէն ի վեր, մեզի` հայերուս ծանօթ եւ հարազատ այս քաղաքը քար առ քար կ՛ընդարձակէր, կը ճոխանար` միաձուլուած  հայկական քրտինքով, հայու աղօթքով: Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան բնակիչներ` թրքական բռնապետութենէն փախչող հայեր` սասունցիներ,  կարնեցիներ, Պարսկական տիրապետութենէն հալածական, նորջուղայեցիներ, նոյնիսկ  երեւանցիներ ճոխացուցած գոյն ու երանգ տուած էին այս փոքր բայց երփներանգ բնակիչներով բարի քաղաքին: Կ՛ըսուի, թէ հաւատքի հայր` Աբրահամ նահապետ Քրիստոսէ երկու հազարամեակներ առաջ իր նախիրը այստեղ արածած էր, օրհնած էր հողը, որ ըլլար բարեբեր եւ բերքառատ: Այդ օրհնութեան արգասիքը հասած էր նաեւ մեզի` պատմական մեր հայրենիքէն հարկադրաբար վտարուածներուս: Ստնտու մօր մը պէս հոգատար Աբրահամ հօր` նախիրի կաթէն մեզի ալ բաժին հասած էր:

Ժամանակներու ծալքերուն մէջ անթառամ ծաղիկի պէս, «հոգետուն»-ը Երուսաղէմ գացող բոլոր ուխտաւորներուն, հանգստեան իջեւանը, հոգիի տունը եղած էր: Հոգետան մէջ հանգստացած էին նաեւ տարբեր ազգութեամբ ուխտաւորներ:

Հայեր` Հալէպի մէջ պատմութեան խաչմերուկներէն եկած, օթեւան գտած, եկեղեցիներ դպրոցներ կառուցած, ձեռագիր մատեաններ ստեղծագործած ու ծաղկած էին: Նոյնիսկ 19-րդ դարուն պատմական Հայաստանի հողին վրայ գտնուող եկեղեցիներու եւ վիճակներու նիւթական հովանաւորը եղած էր Հալէպը: Աւետարաններ պատկերազարդուած էին հալէպահայ նշանաւոր ծաղկողներու կողմէ եւ ղրկուած` Հայաստանի հեռաւոր շրջանները:

14-րդ դարէն այստեղ գոյութիւն ունեցած էր հայկական կազմակերպուած գաղութ:

Հալէպը եղած էր ընդունարան, ապաստանարան` Եղեռնէն մազապուրծ մեր ժողովուրդին համար:

Այժմ Հալէպը խողխողուած է, աղիողորմ հառաչներ կ՛արձակէ:

Այժմ Հալէպը կը վանէ, Հալէպէն կը փախչին, Հալէպը` իրենց ծննդավայրը կը լքեն իրմէ սերած, իր մէջ ծնունդ առած, իրմով սնած հայազգի հալէպցիները: Անոնց մարմնաւոր եւ հոգեւոր ծննդատունը վտանգուած է: Օրօրոցը կը դատարկուի, տաքուկ գիրկը յօշոտուած է, բզկտուած, կարեվէր, անօգնական` Հալէպը իրմէ կը վանէ իր սիրելիները:

Կրկին հրանօթի որոտ է: Կը ցնցուի ամբողջ քաղաքը: Քաղաքի շրջակայ արուարձանները քաւութեան նոխազ կը մատուցեն: Պետական զօրքերը իրենց ամբողջ ուժով կը մարտնչին իրենց ծոցէն իսկ ծնած, իրենցմէ սերած, բայց ապստամբութեան դրօշ պարզած հարազատ արենակիցներուն, որոնք ազատութեան  լոզունգներով կը փորձեն սիրաշահիլ անզէն բնակչութիւնը: Զոհերու թիւը Սուրիոյ տարածքին այս վերջին մէկ ամսուան մէջ հասած է հազարներու, այն ալ` ռամատանի ծոմապահութեան եւ աղօթքի «սուրբ» ամսուան ընթացքին:

Կէս գիշերէն քանի մը ժամեր անցած են: Դուրսը ահաւոր կրակոց է: Քաղաքը առանց ննջելու արդէն իսկ արթուն է, սթափ, պատրաստ` հակահարուածի: Այգաբացը այսօր քիչ մը աւելի շեշտուած կրակոցով կը դիմաւորուի: Դուրսի կրակոցի երկու հակադիր ուժերու հեղինակները վճռած են մինչեւ արեան վերջին կաթիլ, մինչեւ յաղթանակ պայքարիլ: Նոյն մօրմէն ծնած` Կայէն ու Աբէլ, անարդարացի պիտակներով, խոստումներով: Երկուքին ալ հայրենասիրական ընծաները անընդունելի են: Ինքնասպանութիւնը կը շարունակուի երկուստեք: Արիւնահեղութիւնը արիւնաքամ կը դարձնէ երկու եղբայրասպան խմբակները` յառաջացնելով դիակներու կոյտեր, անօթեւան մնացած որբեր, ուրուականներ, մարդկային խլեակներ, որոնք իրենց հարազատ հայրենիքին անձնասպանութեան մասնակից կը դառնան` կամայ թէ ակամայ:

Իտէալական հայրենիքը այս ձեւով չի կերտուիր, իրաւունքները այս կերպով չեն պահանջուիր: Ո՛չ մէկ զիջում: Երկու կողմերն ալ անդրդուելի կը մնան իրենց դիրքորոշումներուն մէջ:

Հայը իբր` ով կամ ինչ դիրք գրաւէ այս պարագային: Հայը միշտ ալ երկրին հաւատարիմ եւ շինարար քաղաքացին հիմա ստիպուած է ահաբեկուած վիճակով նստիլ, սպասել: Անխոնջ եւ արի հայ տղաք, ի գին ամէն զոհողութեան, կրակներու տակ հաց կը հասցնեն շրջափակումի մէջ եղողներուն, ընտանիքներ, ծերեր, պատսպարեալներ կը փոխադրեն դէպի համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր: Հայրենիքէն եկած օգնութիւնը հաւասարապէս կը բաժնեն կարօտեալներուն, նաեւ` հաւասարապէս անկէ բաժին հանելով երկրի արաբ բնակիչներուն: Հայ քաջազուններու անունով, արիւնով կը գրուի սփիւռքի մեր նորօրեայ պատմութիւնը:

Իր ծննդավայրէն կամացուկ մը հեռանալը դաւաճանութեան համազօր կը սեպէ, այս `այնքան հաւատարիմ քաղաքացին` հալէպահայ կոչուած տիտանը, որ ալ վերջերս ծննդավայրը սկսած էր նոյնացնել, «թերեւս պահ մը շփոթել» սեփական հայրենիքին հետ: Այս ծայր աստիճան հաւատարմութիւնը, գաղութը հաստատուն պահելու որոշումը արեան գինով կը գործադրուի: Սերունդներուն չըսելու համար` «դատարկեցինք հինաւուրց գաղութը»: Պատմութեան դասագիրքերուն մէջ չաւելցնելու այդ անյարիր, ցաւ պատճառող տողը: Հլու քաղաքացիի կերպարը հիմա մնացած է առանձին, միսմինակ պատերազմող հակամարտ ուժերու մէջտեղ: Մինչեւ ե՞րբ կարելի է այս վիճակը շարունակել: Ըստ երեւոյթին, այս կացութիւնը` մեր անդիրքորոշ վիճակը երկու իրարու հակադիր կողմերուն համար ալ հաճելի չէ: Երկուքն ալ կ՛ուզեն իրենց կողքին ունենալ «հայը»… այս` օրինապահ, յառաջադէմ նախանձելի տարրը…

Տակաւին ինչ-ինչ կերպարներու մէջ ստիպուած է մտնել այս հլու քաղաքացի հայը` սուրիահայը, որ սկսած է դառնալ անբաղձալի…

Երկրորդ Սումկայի՞թ մը, մի՞թէ, ահաւոր է մտածելն անգամ:

Դար մը առաջ կրկին այս նոյն դէպքերը նոյն այս տարածքներուն մէջ տեղի ունեցած են, տեղացիներու եւ Օսմանեան կայսրութեան բանակին միջեւ. բախումներ, մահ սարսափ: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ… Սուրիական հիւսիսային սահմանները վտանգուած են թուրք արիւնարբու, վաւաշոտ, համաթուրանականութեան  երազներով տարուած մարդուկներու կողմէ: Ներսէն, դուրսէն` թշնամիներ…

Պատմութիւնը շատ դասեր սորվեցուցած է մեզի, բայց մենք տակաւին անդրդուելիօրէն չենք ուզեր թերթել անոր էջերը: Մտաբերել անգամ չենք ուզեր նախկին ջարդերն ու անոնց արիւնարբու հեղինակներուն մասին պահ մ՛անգամ մտածել, թէ անոնք նոյն դաստիարակութիւնը ունին ու նոյն արեան պահանջը ունեցող աստուածը, այն աստուածը, որ իր կուրցած ստրուկներուն բերնով` «Ալլահ ու աքպար» լոզունգով միայն մահ կը սփռէ: Այս Աստծոյն հաւատացողները նոյն հեռանկարներով կ՛առաջնորդուին, դրախտին մէջ ինչ-ինչ ապահովագրութիւններ ունենալու մարմաջէ կը տառապին: Անոնք բոլորն ալ իրենց սրտերուն խորքը նոյն արիւնարբու քրիստոնէահալած մարդիկն են, եւ անոնց մեծամասնութիւնը յայտարարուած կամ չյայտարարուած անհանդուրժողութիւնն ունին այս հայ կոչուած զարմին կամ ցեղին նկատմամբ, որ իրենց հետ կը կիսէ իրենց հայրենիքը:

Դաւաճանած կ՛ըլլամ սիրելի գաղութիս, եթէ ըսեմ` հիւր էինք, հիւրի կարգավիճակին մէջ, կարծեցեալ տանտէրի պէս ապրեցանք, հիմա ի՞նչ բան կը պահանջենք եւ որմէ՞: Արդեօք բաւարար չէ՞ մեր պանդխտութեան ժամանակամիջոցը: Մեր սեփական տունդարձի ժամը չէ՞ հասած, թէ՞ ոչ վճռած ենք առյաւէտ պանդուխտի ցուպը մեր ձեռքին քալել անվերջ այս վաչկատուն ցեղերուն մէջէն, որոնց մեծ մասը մեր ով ըլլալէն անգամ տեղեակ չէ եւ մեզ նոյնիսկ իբրեւ մոլախոտ կը նկատէ իր հայրենի հողին վրայ, որ իրենց համար ալ սկսած է փոքր գալ…

«Մեղա՛յ, մեղա՛յ ձեզի, գաղութ, մեղա՛յ Հալէպի հինգ եկեղեցիներ, դպրոցներ… դպրութիւն, եկեղեցական դաս, ազգային մարմիններ, կառոյցներ…»:

Մեղաւորի հոգեվիճակ կ՛ապրի մարդ, իւրաքանչիւր հարազատ բան, արգահատելի վիճակով իր ետին ձգած ժամանակ: Այս նոյն զգացումները պատած էր հոգիս, ութսունութի երկրաշարժէն ետք: Հայրենիքէն` ծննդավայր «նոյնիսկ կիսամեայ արձակուրդի համար հեռանալու ատեն»: Մեղաւորութեան զգացումը կը լեցնէ հեռացող մարդու հոգին` թէկուզ ժամանակաւորապէս հեռացող: Հարազատները ինչպէ՞ս լքել եւ հեռանալ… Այն ժամանակ հայրենիքն էր խնդրոյ առարկան, իսկ այժմ` հարազատներն ու գաղութը: Ինչպէ՞ս ետեւ ձգել զանոնք եւ հեռանալ: Անձնասիրութիւն բառով կարելի՞ է որակել այս կեցուածքը, թէ՞…

Մինչ վայրկեանները, անակնկալներով լեցուն ահաւոր պայթուցիկներու պէս, ցաք ու ցրիւ կը հարուածեն, մարդիկ կ՛որսան, ապագան աւելի կը մթննայ, երբ երէկ քանի մը հայեր էին մեր զոհերը, այսօր յիսուն, վաղը չենք գիտեր` քանի՛…

Ժամանակը հասած է, նոյնիսկ` անցած, … ահազանգ է… դուրսը կրակոցը կ՛ահագնանայ, նոյնիսկ եթէ ուզենք նոյնիսկ եթէ հիմա վճռենք, ա՛լ հեռանալու համար ուշ է, ըստ երեւոյթին, ստիպուած ենք մեր ոտքերն ալ խրել թէժ մարտի դաշտ… «տգիտութեան արդիւնք»` ճակատամարտին մէջ:

Պատուհանիս փամփշտահարուած ապակիէն անդին լայնանիստ քաղաքը ննջելու փոխարէն` կը ծփայ պայթիւններով ողողուած լոյսերու մէջ: Ռումբերու շառաչը հետեւողականօրէն կը հարուածէ ամէն անկիւն: Հրասանդ` «հաուն» մը ընտանիքի անդամներէս մէկուն ոտքերուն առջեւ պարտուած կը փշրուի` առանց որեւէ վնաս պատճառելու: Փողոցի կուպրը կուլ կու տայ չարութիւնը, մինչ մենք անգամ մը եւս կը գոչենք` «Աստուած պահեց»: Կը մտածեմ, բայց Աստուած իր ստեղծած մարդուն տուած պաշտպանութեան հետ նաեւ խելք տուած է, որ ան կարենայ չարութենէն հեռանալ: Ինչպէս Աբրահամ իր եղբօրորդի Ղովտին ըսաւ` «Դուն ուր որ երթաս, ես քու գացած ուղղութեանդ հակառակ կողմը պիտի երթամ»:

Ալ նոյնիսկ տասնհինգ վայրկեան հեռաւորութեան վրայ գտնուող օդակայան հասնիլը կասկածելի է: Հեռանալու համար բաւական ուշ է արդէն, այրուած են բոլոր կամուրջները: Կը մնայ սպասել եւ աղօթել… առանց մտահան ընելու, որ Աստուծոյ եւ մեր դիւցազուն տղոց ինքնապաշտպանութեան ապաւինողներս շրջապատուած ենք աներեւոյթ երկնային հրեղէն եւ ոգեղէն պարիսպներով… Արդար է մեր հերոսներուն պայքարը եւ բարի: Մեր մխիթարութիւնը անոնք են:

Ու հարց կու տամ ես ինծի. Տիգրան Մեծի թագաւորութենէն եկող շունչ մը այս Հալէպ քաղաքէն, միջնադարեան մանրանկարչութեան` ծաղկողներու, մատենագիրներու, եկեղեցիներու տաքուկ այս դպրութեան բոյնէն, հոգետունէն, լոյսի ամրոցէն մեր յետեղեռնեան ապաստանարանէն, ծննդավայրէն սիրոյ տունէն մի՞թէ կրնանք հեռանալ…

Հայրենիքիս աղեկտուր ձայնն է, որ հեռուէն կը հասնի` ըսելով. «Եկէք, պատսպարուեցէք, մնացէք, որքան որ ուզէք…»:

Կ՛ամչնամ…

Այս մտորումներուն մէջէն թաց աչքերս վեր կը բարձրացնեմ ու կը յիշեմ, որ մեր տան դէմի փոքրիկ հանրային պարտէզի նստարանին վրայ նստած եմ: Կը փորձեմ ուժերս հաւաքել, տեղէս բարձրանալ եւ տուն երթալ, մինչ ձեռքս ունեցած հացի բոկեղներս արդէն պարտէզ մտած վայրկեանէս յափշտակուած եւ անհետացած են իրենց հասցէատէր արաբ անօթեւաններուն կողմէ, յանկարծ ծանօթ ժպիտ մը կը նշմարեմ: Դասախօս, մտաւորական Լեւոն Շառոյեանն է: Իրարու ձեռք կը թօթուենք եւ կը սկսինք անվերջանալի անծայր եւ անհանգոյց զրոյցի մը:

Ո՞վ կրնար գիտնալ, կ՛ըսեմ, թէ այսքան գող եւ մարդասպան թաքնուած էր մեր սիրած ծննդավայրի ծալքերուն մէջ: Ինչո՞ւ հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցներուն թերութիւնները խոշորացոյցով կը դիտենք իսկ արաբներունը կը քողարկէինք, կ՛անտեսէինք շատ յաճախ: Խոստովանինք, որ ամէն տեղ լաւն ալ կայ վատն ալ: Լեւոն Շառոյեանին կը խոստովանիմ, թէ ինչպէ՛ս զաւակներուս տուած իմ հայրենասիրութեան բոլոր դասերս ձախողած էին, հայրենիքի մէջ ապրելու համար կառուցած գոյնզգոյն դղեակներս` փլուզուած, մինչ առիթը յարմար նկատած էի հայրենի սահմաններէն ներս անցնելու իբրեւ հայրենադարձ, տղաս խոշոր շառաչուն ապտակ մը հասցուցած էր երեսիս` Ամերիկայէն լուր ղրկելով. «Եկուր, աշխատէ եւ օգնէ ինծի տանս վարձքը հոգալու համար»: Մինչ կը կարծէի, թէ ազատ էի, ուր որ ուզէի, կրնայի ապրիլ, մանաւանդ` հայրենի հողիս վրայ, պանդխտութեան նոր ոտնաշղթայի մը խշխշոցը կը լեցնէր ականջներուս խոռոչները…

Լ. Շառոյեան Հայաստան հաստատուիլ փորձող իր փոքր եղբօր` ծննդավայր Հալէպի նկատմամբ ունեցած կարօտին մասին կը խօսի: Մարդոց ծայրայեղ դրական կամ բացասական կեցուածքներուն մասին կ՛անդրադառնանք…

Կ՛եզրակացնեմ. կը կարծեմ, որ ոչ մէկ բան կրնանք որոշել, մենք ի՛նչ ալ ծրագրենք, թող որ Աստուած ինք որոշէ իւրաքանչիւրիս երթալիք ճամբան … Թող Հալէպը խաղաղի, այստեղ ալ մնանք, Հայաստանի հողին վրան ալ…

 

Հալէպ

Share this Article
CATEGORIES