Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Անորոշ Թուականով Մը Յետաձգուեցան Ա. Դասակարգի 4-րդ Եւ Բ. Դասակարգի 3-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Իր գումարած վերջին ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը անորոշ թուականով մը յետաձգեց Ա. դասակարգի 4-րդ եւ Բ. դասակարգի 3-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնք սկզբունքով տեղի պիտի ունենային սկիզբը` նախորդ շաբաթավերջին եւ ապա` նախորդ երկու օրերուն, նոր ճշդուած թուականին հիմամբ, երկրին մէջ տիրող անապահով կացութեան պատճառով:
Ֆետերասիոնը իր ներողամտութիւնը յայտնեց, որ պիտի չկարենայ հիւրընկալել 2013-ի Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ յառաջիկայ 15-19 նոյեմբեր 2012-ին Պէյրութի մէջ տեղի պիտի ունենան միջազգային իրաւարարներու դասընթացք-քննութիւններ` հսկողութեամբ ՖԻՖԱ-ին:
Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (նշենք, որ Նըժմէ – Սալամ Սուր մրցումը տեղի պիտի ունենայ դռնփակ).
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՈՒՐԲԱԹ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շապապ Ղազիէ – Սաֆա 3:30 Սայտա
ՇԱԲԱԹ
Անսար – Ռասինկ 3:30 Պէյրութ
Նըժմէ – Սալամ Սուր 3:30 Մարզական Աւան
ԿԻՐԱԿԻ
Իժթիմահի – Թրիփոլի 2:30 Թրիփոլի
Թատամոն Սուր – Շապապ Սահել 2:30 Սուր
Ահտ – Ախա Ահլի Ալէյ 2:30 Սայտա
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սալամ – Մաուատտէ 3:30 Սալամ
Շապապ Թրիփոլի – Նապի Շիթ 3:30 Թրիփոլի
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Սաժես 3:30 Սուր
Խըյուլ – Հարաքեթ Շապապ 3:30 Սաֆա
ԿԻՐԱԿԻ
Ռիատա Ուալ Ատապ – Նահտա Պար Էլիաս 2:30 Թրիփոլի
Մապարրա – Ֆաժըր Արապսալիմ 2:30 Ահտ
Ահլի Սայտա – ՀՄՄ 2:30 Սաֆա

