Ա. Թէ. Սէ. Էլ. – 2012 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւն
Երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2012-ին, ընթրիքի յատուկ երեկոյով Ա. Թէ. Սէ. Էլ., Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ կատարեց 2012 տարեշրջանի տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու մրցանակաբաշխութիւնը:
Այս մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուները, հովանաւորող ընկերութիւններու ներկայացուցիչները, վարորդներ, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Իր խօսքին մէջ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուներէն Ժաք Սալհա ըսաւ, որ ՖԻԱ-ին կողմէ ստացած է յատուկ շնորհաւորութիւններ` այս տարուան Լիբանանի ռելին սքանչելիօրէն կազմակերպած ըլլալուն համար:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որոնք իրենց ամէն կարելին ըրին` զօրակցելով Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին:
Ապա տեղի ունեցաւ վարորդներուն մրցանակաբաշխութիւնը:
Մրցանակ ստացողներուն կարգին էր նաեւ Կարօ Յարութիւնեան, որ ետեւի անիւով բանող ինքնաշարժներու ախոյեանութեան հանդիսացած էր առաջին:
Յատուկ մրցանակներ յանձնուեցան նաեւ Լիբանանեան կարմիր խաչին եւ հրշէջներու ներկայացուցիչներուն:


