Թենիս. Աննա Մովսիսեան Եւ Աշոտ Գէորգեան` Հայաստանի Ախոյեան
ArmSport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախանցեալ օր աւարտեցան Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց թենիսի ախոյեանութեան մրցումները:
Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Աննա Մովսիսեան, իսկ 2-րդ հանդիսացաւ Նունէ Խաչատրեան: Զոյգի տիտղոսին տիրացաւ Աննա Մովսիսեան-Լուսինէ Դաւթեան զոյգը:
Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Աշոտ Գէորգեան, իսկ արծաթէ մետալին տիրացաւ Խաչատուր Խաչատրեան: Զոյգի ախոյեան հանդիսացաւ Աշոտ Գէորգեան-Սեդրակ Խաչատրեան զոյգը:
Հայաստանի ախոյեանները ստացան 10 հազարական դրամի պարգեւ մը:
CATEGORIES Մարզական

