Ազրպէյճանցի Կռփամարտիկները Շատ Հաւանաբար Մասնակցին Երեւանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Երիտասարդներու Աշխարհի Ախոյեանութեան
Իր լուրը քաղելով azerisport.com-էն PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ 25 նոյեմբերէն 8 դեկտեմբեր Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք կռփամարտի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ նաեւ Ազրպէյճանի ազգային հաւաքականը:
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աստղիկ Մարտիրոսեան ըսած է. «Մենք կ՛ապահովենք ախոյեանութեան բոլոր մասնակցողներուն անվտանգութիւնը, մենք ոչ ոքի կ՛առանձնացնենք: Բոլորին համար ալ հաւասար պայմաններ պիտի ըլլան»:
Իսկ Ազրպէյճանի կռփամարտի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ահաճան Ապիեւ կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին կ՛աւարտի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերել ուզող խումբերուն դիմելու ժամկէտը: Եթէ նախքան այդ թուականը կազմակերպիչներուն կողմէ անվտանգութեան երաշխիքներու նամակը ստանանք պիտի որոշենք մեր խումբին մասնակցիլը»:

