«Եթէ Պաքու Կ՛ուզէ, Որ Հայաստան Մասնակցի 2016-ի Ճատրակի Ողիմպիականին, Ապա Պէտք Է Մասնակցի Երեւանի Մէջ Տեղի Ունենալիք 2014-ի Եւրոպայի Ախոյեանութեան» Ըսաւ Աշոտ Վարդապետեան

Աշոտ Վարդապետեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Աշոտ Վարդապետեան երէկ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ եթէ Ազրպէյճան կ՛ուզէ, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերէ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք 2016-ի ճատրակի ողիմպիականին, ապա Երեւան ժամանելով պէտք է իր մասնակցութիւնը բերէ Եւրոպայի ճատրակի 2014-ի տղոց անհատական ախոյեանութեան:

«1996-էն ի վեր Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան միջազգային բազմաթիւ մրցաշարքեր: Ազրպէյճանցի ճատրակ խաղացողները երբեք չեն մասնակցիր այդ մրցաշարքերուն: Եթէ Ազրպէյճան կ՛ուզէ մեր հաւաքականը Պաքուի մէջ տեսնել, ուրեմն նախ իրենք պէտք է գան Երեւան», ըսաւ Վարդապետեան:

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին փոխնախագահը չի կասկածիր, որ Ազրպէյճան գերազանց ձեւով կը կազմակերպէ Ողիմպիականը, սակայն անիկա նախ պէտք է ապահովէ հայ ճատրակ խաղացողներուն անվտանգութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES