Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Գերբաժակի Մրցումը Յետաձգուեցաւ Անորոշ Թուականով Մը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեց, որ սկզբունքով հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ին տեղի ունենալիք Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի գերբաժակի մրցումը, յետաձգուած է անորոշ թուականով մը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենար «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), իրարու դէմ պիտի հանէր Լիբանանի ախոյեան Շանվիլը եւ Լիբանանի բաժակակիր Անիպալ Զահլէն:
CATEGORIES Մարզական

