ՕԼԵԿ ՊԼՈԽԻՆ` ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ՄԱՐԶԻՉ

Օլեկ Պլոխին

Ուքրանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին որոշեց Օլեկ Պլոխինը դարձեալ նշանակել երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: 58 տարեկան Պլոխին, որ նախապէս իր կազմը հասցուցած էր 2006-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին, ստացաւ ֆետերասիոնի անդամներուն ձայներուն մեծամասնութիւնը:

Նշենք, որ Ուքրանիա Լեհաստանի հետ միասին պիտի հիւրընկալէ Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:

Անցեալ օգոստոսին խումբի ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնած Եուրի Քալիթվինցի պիտի մնայ Պլոխինի օգնականը:

Նշենք, որ Քալիթվինցեւ կը նկատուի փորձառու մարզիչ մը` նկատի ունենալով, որ ան 2009-ին, Ուքրանիոյ 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբին հետ տիրացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսին:

Share this Article
CATEGORIES