«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱՄԷՆԷՆ «ԳԷՇ» ԻՐԱՒԱՐԱՐԸ ՊԻՏԻ ՍՈՒԼԷ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ-ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ՄՐՑՈՒՄԻՆ
Եու. Է. Էֆ. Ա.ի պաշտօնական կայքէջը շաբաթասկիզբին հաղորդեց, որ այսօր` չորեքշաբթի, 27 ապրիլին տեղի ունենալիք Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա «Չեմփիընզ Լիկ»ի կիսաւարտականի երթի մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ գերմանացի Վոլֆկանկ Շթարք: Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Եան Հենտրիք Զալվար եւ Միքայէլ Փիքել, իսկ օգնական իրաւարարները (կոլերուն ետին)` Պարաք Ռաֆաթի եւ Թոպիաս Վելց:
Ըստ www.sovsport.ru կայքէջին, մէջբերելով գերմանական «Քիքըրզ» մարզաթերթին կողմէ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքը, Վոլֆկանկ կը նկատուի Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ամէնէն «գէշ» իրաւարարը: Այս հարցախոյզին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Պունտըսլիկայի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերող 286 մարզիկներ:
Նախքան Եու. Է. Էֆ. Ա.ի այս յայտարարութիւնը կատարելը կը կարծուէր, որ իրաւարարները պիտի ըլլան փորթուգալցիներ` Փեթրօ Փրոյենսոյի գլխաւորութեամբ: