ՃԱՏՐԱԿ. «ԱՐՈՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՏԻՐԱՆԱՅ ՔԱԶԱՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ» Կ՛ԸՍԵՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱՒԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐԸ
Միջազգային գրաւի գրասենեակներուն համաձայն, հայրենի մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան պիտի տիրանայ Քազանի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին: Մրցաշարքը պիտի սկսի յառաջիկայ 3 մարտին:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 8 անուանի վարպետներ:
Արոնեանի ետին երկրորդ հանդիսանալու յոյս ունի ռուս Վլատիմիր Քրամնիք, իսկ երրորդ` Վեսելին Թոփալով (Պուլկարիա):
Նշենք, որ Ա. հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ալեքսանտր Կրիսչուք (Ռուսիա):
CATEGORIES Մարզական