Ըստ «Հիւրրիէյթ»-ի Միացեալ Նահանգներ «Քիչ Թիւով» Զինուորներ Ուղարկած Են Թուրքիա
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի մէջ ամերիկեան բանակի հրամանատար Մարք Հերթլինկ յայտարարած է, թէ իրենք Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններէն ետք «քիչ թիւով» զինուորներ ուղարկած են Թուրքիա:
Հերթլինկը Ուաշինկթընի մէջ կայացած հաւաքին ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է, թէ Թուրքիա ուղարկուած զինուորները հետախուզութեան ներկայացուցիչներ են: Ան նշած է, որ Թուրքիա այդ ուժերը կրնայ օգտագործել շրջանները իրենց բնակիչներէն պարպելու գործողութիւններ կատարելու ընթացքին, եւ որ անհրաժեշտութեան պարագային իրենք կրնան տրամադրել նաեւ ուղղաթիռներ ու բեռնատարներ:
«Հոկտեմբեր է: Թուրքիոյ մէջ շուտով ձմեռ պիտի ըլլայ, եւ մենք անհանգիստ ենք, թէ մարդիկ ինչպէս դուրս պիտի գան սահմանային ճգնաժամէն», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթը հրապարակած էր տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, 150 ամերիկացի զինուորներէ բաղկացած ուժ մը Յորդանան հասած է:


