Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Եգիպտական Միջնորդութեամբ Զինադադար Հաստատուած Է
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ եգիպտական միջնորդութեամբ գոյացած է զինադադարի համաձայնութիւն մը, որ չորեքշաբթի կէս գիշերէն սկսեալ ի զօրու դարձած է:
Պաղեստինցի պաշտօնատար մը յայտնած է, որ Գահիրէի ջանքերուն շնորհիւ Համաս բերանացի խոստում տուած է կացութիւնը հանդարտեցնելու, իսկ Իսրայէլ նշած է, որ գետնի վրայ կացութեան պիտի հետեւի եւ յարձակումներ պիտի չգործէ, եթէ Կազայէն հրթիռներ չարձակուին:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Ավիխայ Արիահի յայտնեց, որ` «զինադադարի որոշումը Իսրայէլի քաղաքական շրջանակներուն ձեռքն է, սակայն մենք` իբրեւ բանակ, պատրաստ ենք որեւէ կարելիութեան, բան մը, որ կախեալ է գետնի վրայ արձանագրուող զարգացումներէն»:
Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զինադադարի հաստատումէն քանի մը ժամ ետք «Հաուն» տիպի հրթիռ մը ինկած է Արեւմտեան Նեկեւի Աշքոլ շրջանին վրայ` առանց մարդկային կամ նիւթական վնասներ պատճառելու:

