Պէյրութի Վերջին Մեծ Պատմութեան Աղմուկին Մէջ Կորսուած Սովորական Նահատակներ (Պայթումը, Որ Սպաննեց Լիբանանի Գաղտնի Սպասարկութեան Պետը Եւ Նաեւ` Մայր Մը)

ՌՈՊԸՐԹ ՖԻՍՔ
«Տի Ինտիփենտընթ»

Անոնք ձեռքի մը մէկ մասը եւ աղիքներու մնացորդներ գտան «Իպրահիմ Մունզեր» փողոցին մէջ: Ոչ ոք կասկածեցաւ, թէ բջիջային հեռաձայնի մը կոճակը սեղմող բութամատին տէրը ո՛վ կրնար ըլլալ: Սակայն Լիբանանի սովորական քաղաքացիները մնացին մոռցուած ու անտեսուած. նոյն ճակատագիրին ենթարկուեցան նաեւ հարազատ կորսնցուցած եւ վիրաւորուած քաղաքացիները, որոնք մեծաւ մասամբ նաեւ չէին լուսանկարուած:

Հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութենէն օր մը ետք Կեդրոնական Պէյրութի փողոցները  համակուեցան կրակոցներով: Սակայն Լիբանանի ամէնէն քաջ մարդը կանգ առաւ Պուրճ Համուտի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ. ան հայ մարդ մըն էր, որուն կինը հաւասարապէս սպաննուած էր Էշրեֆիէն ցնցող պայթումին:

Կը կարծեմ, որ մենք` հեղինակներս մնայուն կերպով կ՛ուղղուինք դէպի մեծ պատմութիւնները: Լիբանանի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետը կտոր-կտոր եղած է սուրիական ոճի պայթումի մը ընթացքին: Այս պարագային սովորական դարձած արտայայտութիւնները, ինչպէս այդ ենթադրութիւնը, թէ Սուրիոյ պատերազմը կ՛ընդարձակուի եւ կը հասնի Լիբանան, սովորական  կը նկատուին, սակայն Ժորժեթ Սարգիսեանի ողբերգութիւնը պէտք է պատմել:

Ան եւս նահատակ է եւ զոհ մը, որուն կեանքը նոյնքան արժէքաւոր էր, որքան էր այդ մարդունը, որուն համար նոյն շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի սրտին մէջ աղմկալի եւ փառաշուք յուղարկաւորութիւն մը կազմակերպուած էր: Իսկ եթէ արեւելեան Պէյրութի նեղ փողոցներէն մէկուն մէջ գտնուող դրամատան մը պաշտօնեաներուն սուրճ եւ խնձոր հրամցնող կնոջ պատմութիւնը աւելի նուազ ռոմանթիք է, քան` լիբանանցի ոստիկանապետին պատմութիւնը, ապա Ժորժեթ Սարգիսեանին պատմութիւնը վէպի մը արժանի է եւ ոչ` օրաթերթի մը համար գրուած յօդուածի:

Հազարապետ-զօրավարը եւ Ժորժեթ Սարգիսեանը մահացան նոյն երկվայրկեանին:

Ժոզեֆ Սարգիսեանին ընտանիքը եկած է Զէյթունէն, նկատի ունենալով, որ անոր նախահայրերը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք` բռնագաղթի ենթարկուած են: Ժոզեֆ Սարգիսեան կեցած էր իր 21 տարեկան դստեր` Թերեզի կողքին: Թերեզ իր մօր հետ էր, երբ վերջինս սպաննուեցաւ: Անոր դէմքին վրայ յայտնուող կարմիր վէրքերը խառնուելով անոր սեւ հագուստներուն` յաւելեալ ողբերգութիւն մը կը ստեղծէին անոր դէմքին արտայայտութիւններուն վրայ: Անոնք սառած նայուածքով կ՛ընդունէին ցաւակցութիւնները: «Լիբանանի մէջ «մեծ» մարդիկ կ՛արժանանան կայսերական յուղարկաւորութիւններու, իսկ «փոքր» կիներ պարզապէս կը թաղուին», ըսաւ Ժոզեֆ Սարգիսեան` վշտահար եւ խեղդուող ձայնով:

Բայց Լիբանանի մեծագոյն մարդը Ժոզեֆ Սարգիսեանն էր, ապահովագրութեան ընկերութեան պաշտօնեայ մը, կարճ, սեւ մազերով, ակնոցաւոր եւ անարտասուք աչքերով: Ան անգլերէնով կ՛ըսէ. «Չեմ կրնար ձեզի բացատրել պարոն. ան իմ կեանքիս կէսն էր: Աղջիկս զինք գետնէն հանած է եւ` գրկած ու իր անձնական ինքնաշարժով հիւանդանոց փոխադրած, որովհետեւ հիւանդատար ինքնաշարժներ չկային:

«Հակառակ անոր որ պայթումին ճնշումէն կնոջս գլուխը բացուած էր, սակայն, փառք Աստուծոյ, ան նախքան մահանալը մահաքունի մէջ էր: Անոր ուղեղին մէկ մասը կորսուած էր: Ան իմ գանձս է. դուք չէք կրնար պատկերացնել… Իրեն եւ ինծի համար շատ ծաղիկներ բերուած էին, որովհետեւ բոլորը կը սիրեն թէ՛ զինք եւ թէ՛ զիս:

«Լիբանանի մէջ անակնկալները շատ են. օրական նոր անակնկալ մը կայ: Ան նոյն օրն իսկ նոր կօշիկներ պիտի գնէր: Այսօր անոր արձակուրդին առաջին օրը պիտի ըլլար. ան կ՛ուզէր շաբթուան մը համար հանգստանալ: Իսկ հիմա ան առ յաւէտ կը հանգստանայ», ըսաւ Ժոզեֆ Սարգիսեան:

Այսօր նման բառերու եւ խօսքերու օրն է: «Իպրահիմ Մունզեր» փողոցին մէջ տեղական դրամատան տնօրէնը յայտնեց, որ Լիբանան 40 տարուան խաչելութեան դիմացած է, իսկ 1975-1990 քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին փողոցին մէջ պատուհանի ապակի մը իսկ չէ փշրուած: Միւս կողմէ, փողոցին մէջ նստած էր նաեւ բոլորին ծանօթ տարեց մարդ մը. ան քրիստոնեայ էր եւ իր խօսքին մէջ կրցաւ փոխանցել տարուան պատգամը, որ հետեւեալն է. «Զօրավար Հասան, որ իսլամ է, կը մտածէր, որ ինք «ապահով բնակարան» մը ունի այս փողոցին մէջ: Բայց Լիբանանի մէջ «ապահով բնակարաններ չկան», իսկ նկատի ունենալով երկրին փոքր ըլլալու իրականութիւնը` չկան նաեւ «գաղտնի» ոստիկաններ»:

Փողոցին աւարտին հանդիպեցայ լիբանանցի քաղաքացի Նաթալի Խայեաթի, որուն դէմքին վէրքերը տակաւին փաթթուած էին բժշկական յատուկ վիրակապերով: Ան կը խօսէր իր զաւակներուն` Նոայի եւ Թէոյի հետ, երբ պայթումը պատահած էր եւ սպաննած` Ժորժեթը եւ երկու զինուորականները, եւ կրնար սպաննել նաեւ զինք: «Առաջին բանը, որուն մասին մտածեցի, քաղաքացիական պատերազմն էր: Ես կը հետեւէի զաւկիս տնային պարտականութիւններուն: Ան ինը տարեկան է: Ես ալ ինը տարեկան էի, երբ 1975-ին քաղաքացիական պատերազմը բռնկեցաւ», ըսաւ Խայեաթ:

Ձայնասփիւռի կայանները կը խօսէին Մարտ 14-ի քաղաքական դաշինքին եւ լիբանանեան բանակին միջեւ զինեալ բախումներու եւ ռումբերու արձակման մասին: Ես եւ Ապըտ` վարորդս, ուղղուեցանք դէպի Ազգային թանգարան: Ինքնաշարժէն իջայ եւ փողոցին մէկ անկիւնը կանգնեցայ զինուորներուն կողքին: Եւ ահա վերածուեցայ լրագրողի մը, որ կը հետապնդէ իր պատմութիւնը:

Այս նոյն դիրքին վրայ, այս նոյն փողոցին անկիւնը եւ այս նոյն պատին յենած` ես 36 տարի առաջ կը պահուըտէի փամփուշտներէն:

 Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )