Լիբանանի Դիւրաբեկ Խաղաղութիւնը Պիտի Տոկայ` Հակառակ Անոր Ստացած Հարուածին

ՓՈԼ ՍԱԼԵՄ
Միջազգային խաղաղութեան «Քառնըկի» հիմնարկի
Միջին Արեւելքի գրասենեակի տնօրէն

Անգամ մը եւս Լիբանանը փրկուած է վտանգի փոթորիկէն: Ուրբաթ, 19 հոկտեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 3:00-ին, Սեսին հրապարակին վրայ կանգ առած ինքնաշարժ մը, որ ականուած էր աւելի քան 50 քիլոկրամ «Թի. Էն. Թի.»-ով, բռնկեցուց Էշրեֆիէն` Պէյրութի քրիստոնեայ շրջանը: Պայթումը պատճառեց երեք զոհ, աւելի քան հարիւր վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ քանդեց խանութներ, ինքնաշարժներ եւ շէնքեր:

Պայթումին յաջորդող քանի մը ժամուան ընթացքին արդէն իսկ յստակ դարձաւ, որ սպաննուողներէն մէկը ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանն է: Լիբանանեան գաղտնի սպասարկութեան կառոյցին իր մատուցած ծառայութիւններուն կողքին, Հասան մտերիմ եւ մօտիկ եղած է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, որոնք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ընդդիմադիրներ են: Հասանի յարաբերութիւնները շատ ամուր եղած են նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հետ:

Տեղին է նշել, որ աւելի քան չորս տարի ետք Լիբանանի մէջ արձանագրուած այս պայթումը եւ անոր պատճառած նեղութիւնն ու վախի մթնոլորտը մտահոգիչ դարձաւ մեծ թիւով լիբանանցիներու համար, որոնք սկսան մտածել, թէ Սուրիոյ տագնապը սկսաւ իր ազդեցութիւնը ունենալ ներքին լիբանանեան կեանքին վրայ: Սակայն Հասան անմիջապէս փոխարինուեցաւ, իսկ իրարանցումի եւ սադրանքներու պատրոյգը, որ վառած էր պայթումին յաջորդող շաբաթավերջին, կարելի եղաւ մարել, իսկ երկրին կառավարութիւնը, որ մահամերձ էր, վերաշխուժացաւ եւ վերստին ստանձնեց իր աշխատանքները:

Ինչի՞ Մէջ Կը Կայանայ
Այս
Սպաննութեան Կարեւորութիւնը

Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը ոչ մէկ կապ ունի Սուրիոյ ինթիֆատային հետ, այլ անիկա գործողութիւն մըն է, որ վերջին ութ տարուան ընթացքին կատարուած գործողութիւններուն շարքին վերջինը կը նկատուի: Այդ գործողութիւններուն սկիզբը կ՛երթայ դէպի 2004, երբ երեսփոխան Մարուան Համատէի դէմ մահափորձ կատարուեցաւ, եւ` 2005-ի սկիզբ, երբ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի պայթումի մը թիրախ դարձաւ:

Այս սպանութիւններն ու պայթումները մաս կը կազմեն երկարատեւ պայքարի մը, որ բռնկած է սուրիական վարչակարգին զօրակցող եւ չզօրակցող կողմերուն միջեւ:

Ուիսամ Հասան քաջ գիտէր իր կեանքին սպառնացող վտանգներուն մասին եւ մինչեւ 19 հոկտեմբեր ան մնաց անգտանելի ու տարիներ շարունակ փնտռուեցաւ զինք սպաննել փափաքող թշնամիին կողմէ:

Այս սպանութիւնը կարեւոր կը նկատուի այն առումով, որ Լիբանանի մէջ նման գործողութիւններ կարելի է յաջողցնել եւ Լիբանանի մէջ կարգ մը անձնաւորութիւններ, որոնք բարձր դիրքեր կը գրաւեն, կարելի է մաքրագործել, ինչպէս նաեւ կարելի է լուրջ եւ մեծ հարուած մը հասցնել երկրին ապահովական կառոյցին, որուն Լիբանան խիստ կարիքը ունի:

Սուրիական ինթիֆատայէն սկսեալ` ներքին ապահովութեան ուժերն ու լիբանանեան բանակը կրցան յաջողիլ Լիբանանի ազգային անվտանգութիւնը ապահովել:

Վերջին ամիսներուն ընթացքին տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, Հասանի գլխաւորութեամբ, աշխուժ դերակատարութիւն ունեցաւ տեղեկատուութեան նախկին նախարար Միշել Սըմահան ձերբակալելով, փաստելէ ետք, թէ ան մեղսակից է Սուրիայէն Լիբանան ականներու փոխադրութեան գործողութեան մը:

Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը իսկական կողմ կը նկատուի նաեւ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ահաբեկչական ցանցեր բացայայտելու, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հետաքննութիւնը կատարելու իմաստով:

Միւս կողմէ, սակայն, տեղեկահաւաքի բաժանմունքը սարքաւորուած է արհեստագիտական բարձր միջոցներով եւ մարզուած է արտաքին դաշնակիցներու, ի մասնաւորի արեւմտեան կառավարութիւններու կողմէ: Հակառակ այն իրողութեան, որ Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը կորուստ է եւ հարուած` Լիբանանի ապահովական կառոյցին, բայց եւ այնպէս ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի գնդապետ Իմատ Օսմանը նշանակած է Հասանի պաշտօնին համար: Թէեւ այդ նշանակումը կրնայ ժամանակաւոր ըլլալ, սակայն այն հետաքննութիւնները, որոնց պատասխանատու էր Ուիսամ Հասան, իրենց բնականոն ընթացքէն դուրս պիտի չելլեն, նոյնիսկ` անոր սպանութեամբ:

Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը ընդվզեցուց լիբանանեան հանրային կարծիքը, յատկապէս` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող սիւննի համայնքը: Ուրբաթ օրուան պայթումին պատճառով սիւննի-շիի լարուածութիւնն ու գրգռութիւնները համակեցին ամբողջ Պէյրութը: Էշրեֆիէի պայթումին իբրեւ հետեւանք` տխրութիւնն ու ընդվզումը պատեց մայրաքաղաքը եւ այդ պատճառով ալ մեծ թիւով լիբանանցիներ մասնակցեցան Հասանի յուղարկաւորութեան, իսկ ցուցարարները դատապարտեցին պայթումը եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն պահանջեցին հրաժարիլ:

Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը
Առիթը
Չկրցան Օգտագործել

Մարտ-14-ի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը, չկրցան քաղաքականապէս օգտուիլ այս սպանութենէն, որ Միքաթիի կառավարութիւնը դժուար կացութեան մատնեց:

Վարչապետ Միքաթի իսկապէս իր հրաժարականին կարելիութիւնը քննարկեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանի հետ, սակայն ի վերջոյ ան ընդունեց նախագահ Սլէյմանի պահանջը եւ մնաց իր պաշտօնին վրայ` պահպանելու համար ազգային միասնականութիւնը եւ խուսափելու համար Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք անիշխանութենէն: Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը անգամ մը եւս չկրցան օգտուիլ այդ առիթէն եւ, հետեւաբար, իրենք զիրենք գտան տկար կացութեան մէջ:

Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութեան օրն իսկ արձակուած յայտարարութիւնները` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ, վարչապետ Միքաթին ուղղակի պատասխանատու նկատեցին Հասանի սպանութեան եւ կոչ ուղղեցին անոր հրաժարելու իր պաշտօնէն, մինչդեռ յստակ էր նաեւ այն իրականութիւնը, որ Հասանի սպանութիւնը տխրեցուցած էր նաեւ վարչապետը: Հետեւաբար Մարտ 14-ին կողմէ արձակուած քաղաքական այդ յայտարարութիւնները նկատուեցան շահամոլ կեցուածքներ եւ ձախողեցան:

Այսուհանդերձ, կիրակի օրուան իրադարձութիւնները վերածուեցան միջադէպերու եւ անոնք դարձան վայրագութիւններ, երբ յուղարկաւորները յարձակեցան եւ փորձեցին ներխուժել վարչապետարան: Վարչապետարան ներխուժումը վերածուեցաւ բռնարարքի եւ վայրագութեան, որ անմիջապէս հակակշիռի տակ առնուեցաւ վարչապետարանին շուրջ գտնուող ապահովական ուժերուն կողմէ: Վարչապետարանին դէմ այս յարձակումը, որ կատարուած էր Հասանի յուղարկաւորութիւնը կազմակերպող երիտասարդ պատասխանատուներէն մէկուն հրահրումով, արժանացաւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն աւելի երէց պատասխանատուներուն դատապարտումին, որովհետեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը հանրութեան կը ներկայանան իբրեւ խաղաղարար եւ ժողովրդավարական կարգերուն հետեւող եւ օրէնքը յարգող քաղաքական ուժեր: Բայց եւ այնպէս յուղարկաւոր բազմութեան կողմէ արձանագրուած այս վայրագութիւնը մտահոգեց Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս գտնուող քաղաքական ղեկավարութիւնները:

Այս միջադէպին իբրեւ արդիւնք` Միջազգային ընտանիքին անդամները եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դաշինքն ու անոր բարեկամները մերժեցին այդ բռնարարքները եւ կոչ ուղղեցին պահպանելու երկրին խաղաղութիւնն ու ապահովական անվտանգութիւնը: Այս կոչերուն զուգահեռ, անոնք դատապարտեցին նաեւ պայթումը: Օտար մայրաքաղաքներուն կողմէ արձակուած այս արագ պատասխանը ցոյց կու տայ, որ միջազգային եւ շրջանային հիմնական ուժերը յանձնառու կը մնան Լիբանանի կայունութեան, եւ Սուրիոյ տագնապը կը կազմէ իրենց հիմնական մտահոգութիւնը:

Այս կեցուածքներուն կողքին, լիբանանցի քաղաքական կարգ մը ականաւոր դէմքեր իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի կառավարութեան` զգուշացնելով Լիբանանի մէջ ծագելիք հաւանական անիշխանութենէն, որ կրնայ պատճառել Լիբանանի տապալումը: Այս շրջագիծին մէջ Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան տիւրզի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որուն երեսփոխանական պլոքը կը հաւասարակշռէ  խորհրդարանը բաղկացնող ուժերը, յայտնեց, որ Ուիսամ Հասանի սպանութեամբ ամբաստանուած կողմը Սուրիան է եւ անոր վարչակարգը, սակայն այդ հարցը պէտք չէ շահագործուի քաղաքական տեղական նպատակներու համար: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ հակառակ անոր որ վարչապետ Միքաթի մտադրած էր հրաժարիլ պայթումին պատճառով, սակայն ան վրդոված էր ու ընդվզած` պայթումին շահագործումին համար եւ, հետեւաբար, ետ կանգնած էր հրաժարական ներկայացնելու իր որոշումէն:

Այս բոլորին կողքին, կիրակի երեկոյեան ամբողջ Լիբանանի տարածքին սկսած էին բախումներ, որոնք շարունակուած էին մինչեւ երեքշաբթի երեկոյ: Այդ բախումներուն ի տես` լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներ, որոնց մէջ նաեւ` Մարտ 14-ի ղեկավարներ, կոչ ուղղեցին կասեցնելու վայրագութիւնը եւ վերջ տալու փողոցներուն մէջ շարունակուող ցոյցերուն եւ մայրաքաղաքին ու զանազան շրջաններուն մէջ վերստին պարտադրելու խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը:

Այսպիսով, մայրաքաղաքը վերագտաւ իր բնականոն կեանքը եւ բոլոր շրջաններուն մէջ պարտադրուեցաւ ապահովութիւնը, սակայն բոլոր շրջաններուն մէջ ալ տիրական դարձաւ զգուշաւոր լռութիւնը` վերջ տալով նախորդ օրերուն ընթացքին տիրող ողբերգական իրավիճակին:

Աւելի Ընդարձակ Առումով
Արձանագրուելիք
Հետեւանքները

Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը կը նկատուի սուրիական վարչակարգին եւ անոր թշնամիներուն միջեւ պայքարի թեմայի մը, պայքար մը, որուն հիմնական երկու առանցքներն են Սուրիան, Իրանը եւ Հըզպալլան, իսկ միւս առանցքը` Սէուտական Արաբիան եւ Արեւմուտքը: Անկասկած Ասատի վարչակարգին դաշնակից կողմերը Հասանի սպանութեամբ հարուած մը հասցուցած կ՛ըլլան, իսկ անոր ուղղակի վրէժը կը մնայ հեռու, որովհետեւ ներկայիս Ասատի վարչակարգին պահպանումին կամ տապալումին պայքարը Սուրիոյ մէջ է եւ ոչ` Լիբանանի:

2005-ին Լիբանանի մէջ բռնկած Մայրիներու յեղափոխութիւնը Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ սրեց պայքար մը, ապա մարտ 2011-ին Սուրիոյ մէջ բռնկեցան ապահովական միջադէպերը, որոնք վերածուեցան միջսուրիական ընդհարումներու, եւ ներկայիս անոնք վերածուած են ամբողջ շրջանին մէջ տիրական դարձած տագնապի:

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )