Նշմարներ Հալէպի Առօրեայէն – Գ.

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Օրացոյցի թերթիկը կը պատռեմ, շաբաթ, 13 հոկտեմբեր, «Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոյ», մինչ զարթնումէս ետք պատշգամ կ՛ելլեմ մաքուր օդ շնչելու, զզուելի վառօդի հոտը կը լեցուի թոքերէս ներս, գիշերային ընդհարումներու ընթացքին արձակուած ծանր զէնքերու  աւերիչ ազդեցութիւնը կը շարունակէ իր մաղթը արշալոյսի թթուածինը չէզոքացնելով:

Այսօր հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներու մեծագոյն տօնն է, մեր գոյութեան գրաւականը, մեր լինելիութեան խարիսխը եւ մեր դարաւոր վահանը եղած է այդ գիւտին փառքը, իսկ Ս. Մեսրոպը` մեր մեծերու շարքին խոշորագոյն դէմքը:

Մշակոյթի ամիս է, սակայն կործանումի եւ կոտորածի օրեր կ՛ապրինք, կրթական օճախները փակ կը մնան տակաւին:

Կը մտաբերեմ երբեմնի խաղաղ Հալէպը եւ հիւրընկալ մեր երկիրը, անցնող երեսուն տարիներուն, իրերայաջորդ առիթներով Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն եւ, աւելի ուշ, քանի մը տարի առաջ հարաւի պատերազմին, Քուէյթի ներխուժումին, իրաքեան տագնապի տարիներուն, մասամբ մըն ալ Իրանի յեղափոխութեան առաջին օրերուն, իր դռները լայն բացաւ աղէտահար զանգուածներուն առջեւ:

Մեր ազգային եւ միութենական մարմինները այդ ժամանակ որոշում տուին առանց որեւէ պայմանի հայ դպրոցէ չզրկել մեն մի գաղթական հայորդի:

Այս տողերը կը գրեմ առաւօտ կանուխ, մինչ նախորդ օրուընէ շարունակուող կռիւներուն արագահարուած զէնքերէ արձակուած ձայները կը շարունակուին, տակաւին` կարգ մը վարժարաններու պատասխանատուներ որոշած են յառաջիկայ երկուշաբթի առաւօտ աշակերտ ընդունիլ, բայց այս կացութեան մէջ ո՞ր ծնողը կը յանդգնի իր հոգեհատորին կեանքը վտանգել` ի գին որեւէ արժանիքի:

Կացութիւնը գլխիվայր շրջուած է, անցեալի հիւրընկալ Բերիան այսօր աղէտեալ է:

Բարեկեցիկ վիճակ ունեցողներ, իրենց կեանքի ապահովութիւնը ամէն բանէ վեր դասելով, լքած են տուն ու տեղ եւ` հաստատուած հեռու կամ մօտիկ երկիրներ, անոնք դասաւորած են նաեւ իրենց զաւակներուն կրթական հարցերը:

Սովորաբար ծնողները վերամուտի օրերուն կը սպասէին, որպէսզի իրենց ամառնային արձակուրդէն յագեցած զաւակները դպրոց վերադառնան:

Հիմա արդէն վերամուտի ճշդուած թուականէն ամիս մը անցած է, ու դպրոցէ զրկուած աշակերտներու ծնողները իրենց ծանր մտահոգութիւններու շարքին, կը տանջուին իրենց սիրականներու դառն իրավիճակով:

Անապատի աւազին վրայ այբուբեն սորվեցնող հայ մօր պատկերը, որ դիւցազնութեան բնոյթ ստացած էր անցեալին, կը կրկնուի ներկայիս, կարգ մը գիտակից ծնողներու մօտ, անշուշտ մեր մաղթանքն է, որ այս պատկերը վարակիչ ըլլայ, ցարդ իրենց դռները փակած դպրոցները փոխարինելու համար:

Ձմեռնամուտին վառելանիւթի չգոյութեան, անապահով վիճակին, տնտեսական տագնապին եւ այլ մտահոգութիւններու շարքին իրենց զաւակներուն կրթութեան ու դաստիարակութեան հարցը կու գայ աւելնալու` քանդուած տրամադրութիւններով ապրող հալէպահայութեան ուսերուն:

Հայկական առօրեայէն անտեղեակ ծնող մը անցեալները հարց կու տար, թէ` լսած էր Կիպրոսի մէջ գիշերօթիկ հայ դպրոցի մը մասին*: Անոնք չէին գիտեր, թէ տասը տարիներէ ի վեր պատմութեան գիրկը նետուած էր «Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն»-ը:

Այսպիսի չարաշուք օրերուն նման հարցումներ առիթ կ՛ըլլան խորհրդածելու կրթական այդ մեծ ամրոցի փակման որոշումին գործած աւերին մասին:

                                              ***

Արդի արհեստագիտութիւնը` համակարգիչ, համացանց, մեր կեանքին անբաժան մէկ մասնիկը դարձած է, տակաւին այբուբեն չճանչցող մանուկը ընտելացած է համակարգիչին հետ, անդին` տարեցներ իրենց յատուկ զբաղումներ` հետաքրքրութիւններ եւ ժամանցներ գտած են համակարգիչին վրայ:

Իրերայաջորդ գիւտեր զարգացուցին համացանցի գործածութիւնը, որուն հնարամիտ գիտնականները համաշխարհային համբաւ կը վայելեն, երբեմն ալ թիրախ կ՛ըլլան «մեծ»-երուն կողմէ:

Այս բոլորին գլուխ-գործոցն է ֆէյսպուքը, որուն արեւմտահայերէնը գործածութեան ընթացքի մէջ է, դիմատետր: Արեւելահայերը, ըստ սովորութեան, օտարախառն բառով հանդէս կու գան եւ զայն կոչած են երեսպուք…:

Իր տեսակին մէջ աննախընթաց այս գիւտը ընկերային յարաբերութիւններ կը ստեղծէ եւ կը զարգացնէ, անցեալի դասընկերները իրար կը միացնէ, ազգականական անթեղուած կապեր կը պեղէ, աշխարհի ամենահեռաւոր անկիւնի մէջ պատահարի մը լուրը կը տարածէ:

Երկրագունդը ափի մէջ դրած այս գիտութիւնը անցած է Ժիւլ Վեռնի երեւակայութեան սահմաններն ալ:

Բազմակողմանի ծառայութիւններու եւ հաճելի օգտակարութիւններու կողքին, այս կայքէջերը «խօսքի ազատութիւն»-ը չարաչար գործածելու իրաւունք ալ տուած են:

Դատարկապորտ եւ անպատասխանատու կարգ մը մարդիկ, նստած` իրենց դիմատետրերուն դիմաց, տեղի եւ անտեղի մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն, լուրերը կը համեմեն, երբեմն նոյնիսկ լուրեր կը ստեղծեն, հայ զանգուածի անունով թեր եւ դէմ ցնորամիտ կարծիքներ կը յայտնեն` օրուան դէպքերուն եւ քաղաքական անցուդարձերուն շուրջ:

Հալէպի հայ երեք համայնքապետերը դէպքերու սկզբնաւորութեան հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հետեւեալը կ՛ըսուէր. «Համայնքապետական նուիրական պարտք համարեցինք սրտի խօսք ուղղել սուրիահայ համայնքի մեր զաւակներուն, հրաւիրելով ձեզ ազնիւ քաղաքացիի ամբողջական գիտակցութեամբ, շրջահայեցութեամբ ու արիութեամբ դիմակալելու մեր երկրի ներկայ իրավիճակը… Մեր թելադրութիւնն է, որ արտասովոր ու տարապայման կացութեան մէջ ըլլանք զուսպ եւ զգաստ, ցաւակից ու մխիթարող, համեմող ու լուսաւորող լոյս դառնանք»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը այլ առիթով մը լիբանանեան հեռատեսիլի մը հայկական բաժինին մէջ դատապարտեց Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան մասին ապատեղեկատուութեան հարցը` շեշտը դնելով հայրենի կարգ մը լրատու գործակալութեանց անհիմն եւ սխալ լուրերով հանդէս գալու մասին:

Բերիոյ թեմի առաջնորդին եւ Ազգ. իշխանութեան հետ իր հաղորդակցութեանց ընթացքին վեհափառ հայրապետը նոյնիսկ փափաք յայտնեց այցելել իր հօտին` իր հայրական հոգածութիւնը ցուցաբերելու, սակայն համայնքային պատասխանատուները յարմար չնկատեցին վեհափառին այցելութիւնը:

Այսուամենայնիւ, Արամ Ա. կաթողիկոս Հալէպի դէպքերու սկզբնական շրջանին ուղղեց կոչ մը, որուն գլխաւոր կէտերուն մէջ ան կ՛անդրադառնար հայ գաղութի ներքին միասնակամութեան ամրապնդումին կարեւորութեան, կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան, ժողովուրդի զաւակներուն յիշեցնելով հեռու մնալ ոչ ապահով շրջաններէն եւ հսկողութիւն կատարել մեր հաստատութիւններուն, հայահոծ շրջաններուն մէջ, հեռու մնալ ցուցական եւ քարոզչական քայլերէ ու միակողմանի մօտեցումներէ, միշտ երախտապարտ մնալ սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին նկատմամբ, յարաբերութեանց ընթացքին ըլլալ ներդաշնակ եւ, ամենակարեւորը, դէմ կանգնիլ արտագաղթին: Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց սփիւռքահայութեան, յատկապէս` նախկին սուրիահայերուն, իրենց նիւթական օժանդակութեամբ աջակցելու մեր գաղութին:

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպիսկոպոսը իր քարոզներուն ընթացքին կը շեշտէ եւ կը պահանջէ արտայայտութիւններու եւ կարծիքներ յայտնելու ընթացքին ըլլալ զգաստ, լրջախոհ եւ զգօն:

Սակայն… Ձայն բարբարոյ յանապատի:

Դիմատետրի «հերոս»-ները դժբախտաբար կը շարունակեն իրենց պատրանքներով հանդէս գալու անպատասխանատու եւ ապիկար իրենց ընթացքով:

                                    ***

Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան 100-ամեակին զուգահեռ, հայկական սփիւռքը կը փակէ մէկ դարու պատմութեան մը էջը, ուրախ եւ տխուր պատկերներով:

Սփիւռքի գոյութեան կռուանները` հայ եկեղեցին եւ հայ դպրոցը, պերճ կառոյցներով կը բոլորեն այս հարիւրամեակը:

Հիւղաւաններու մէջ թիթեղածածկ հաւաքավայրերը, զոյգ գործածութեամբ` աղօթատեղիի եւ ուսումնարանի դեր ունեցած են սկզբնական շրջանին:

Ժամանակի թաւալումին հետ, երբ ժողովուրդը ոտքի կանգնած է աղէտի ահաւոր հարուածէն, առաջին գործը եղած է կառուցել եկեղեցիներ եւ դպրոցներ:

Մեր բարերարները, ըլլան անոնք արտասահմանէն կամ իրենց ապրած միջավայրէն, կրթական օճախներու կառուցումին նպաստողները եղած են ընդհանրապէս, այս պատճառով սփիւռքի տարածքին գործող կարգ մը վարժարաններ կոչուած են այդ բարերարներուն անուններով:

Անդին` կը տեսնենք ընկերային կամ միութենական ծառայութեան տրամադրուած շէնքեր, որոնք կը կրեն պատմութեան կերտած դէմքերու կամ հերոսներու անուններ:

Հալէպի դժնդակ պայմաններու բերումով, ժողովուրդի կողմէ անուանակոչութիւն ստացաւ «Պետիկեան գաղթակայան» ազգապատկան կալուածը, Ազիզիէ թաղամասին մէջ, հանրային պարտէզին մայր մուտքին հանդիպակաց փողոցը, որ քանի մը տարի առաջ Ղազար Պետիկեանի ժառանգորդները կտակած էին Բերիոյ թեմի Ազգ. առաջնորդարանին, սակայն ցայսօր որեւէ նպատակի չէր ծառայեր:

Նոր Գիւղի շրջանի ընդհարումներէն իրենց տուն ու տեղը քանդուած կամ հրկիզուած հայ ընտանիքներ, Ազգային խորհուրդի կարգադրութեամբ, տեղաւորուեցան բարեսիրական հաստատութիւններու կամ հայրենակցական միութիւններու երդիքին տակ:

Այդ ապահով վայրերու շարքին է «Պետիկեան» շէնքը, ուր ներկայիս կը բնակին մօտաւորապէս տասներկու ընտանիքներ:

Ո՞վ է Ղազար Պետիկեան:

Քսաներորդ դարու առաջին կիսուն Հալէպի մէջ հայազգի հանրայայտ անուններ էին` «Պարոն» պանդոկը, «Ալթունեան» հիւանդանոցը, ասոնց շարքին կահոյքի վարպետ` Ղազար Պետիկեանը եւ ուրիշներ:

Քաղաքի կեդրոնը Քասթալ Հաճճարին շրջանին մէջ հաստատուած իր գործատեղիէն կ՛արտադրուէին, արհեստը արուեստի մակարդակի բարձրացած եւրոպական չափանիշներով կահոյքի կտորներ, որոնք կը մտնէին Հալէպի եւ շրջանի պալատներէն եւ փարթամ տուներէն ներս:

Մերօրեայ արհեստից վարժարաններու դերը կատարող իր գործատեղիին մէջ տարագրութեան որբանոցներէն հայ պատանիներ արհեստաւորներ ելան եւ հայ կահագործներու անունը պանծացուցին որպէս Ղազար Պետիկեանի աշակերտներ:

Ղազար Պետիկեանին անունը կրկնակիօրէն զօդուեցաւ հայ տարագրութեան հետ անցեալին ընտանեզուրկներուն արհեստ սորվեցնելով, այսօր ալ` աքսորական հայ ընտանիքներուն իր երդիքին տակ ապաստան տալով:

 

* Իրենց զաւակը ղրկելու փափաքով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )