Սպանութիւն` Զահլէի Բանտին Մէջ

Զահլէի բանտին մէջ շաբաթավերջին բանտարկեալներուն միջեւ արձանագրուած բախում մը պատճառած էր բանտարկեալներէն մէկուն` Ապպաս Զաայթերի սպանութիւնը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած էր նոյն ընտանիքէն այլ բանտարկեալ մը:

Ապպաս Զաայթեր սուր իրով մը հարուած ստացած էր Մազլում մականունը կրող արգելափակեալէ մը:

Զահլէի բանտին մէջ ստեղծուած այս գայթակղութեան պատճառով, ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի բերման ենթարկեց բանտապետը եւ վեց զինուորականներ:

Միւս կողմէ, 25 այլ արգելափակեալներ Զահլէի բանտէն փոխադրուեցան Ալէյի բանտը` անոնց միջեւ լարուածութիւնները հանդարտեցնելու նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES