Ռայի Պատրիարքը Ատհայի Առիթով Շնորհաւորեց Լիբանանցիները
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Վատիկանէն շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ յատկապէս իսլամները` Ատհայի տօնին առիթով:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Հռոմի մէջ ընթացող եպիսկոպոսաց համաժողովին աշխատանքներուն կողքին այցելեց Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփփէ Մորապեթոյի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի կացութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումը եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին շեշտուեցան միջինարեւելեան զանազան տագնապներուն խաղաղ լուծումներ գտնելն ու ժողովուրդներուն ազգային ինքնորոշման իրաւունքը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

