Ուիսամ Հասանի Սպանութեան Հարցով Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան գծով լիբանանեան պետութեան բացած հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է:
Այս շրջագիծին մէջ, ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի յայտնեց, որ ամերիկեան դաշնակցային գաղտնի սպասարկութեան` «Էֆ. Պի. Այ.»-ի պատուիրակութիւնը, որ մասնակցած է Էշրեֆիէի պայթումին հետաքննութեան աշխատանքներուն, իր պարտականութիւնը ամբողջացուցած է:
Մատի ընդգծեց, որ ամերիկեան այդ պատուիրակութիւնը չի կրնար հետաքննութեան մանրամասնութիւններուն միջամտել կամ հարցաքննութիւններ կատարել, որովհետեւ ան ստանձնած է լիբանանեան պետութեան թեքնիք օժանդակութեան պարտականութիւն:
Հաթեմ Մատի հաստատեց, որ ամերիկեան պատուիրակութիւնը իր կատարած հետաքննութիւնը միայն լիբանանեան պետութեան կրնայ յանձնել` աւելցնելով, որ այդ նպատակով Լիբանան պիտի ժամանէ նաեւ ֆրանսական պատուիրակութիւն մը:
Միւս կողմէ, հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի հայրը յայտնեց, որ իր զաւկին դէմ կատարուած գործողութիւնը ահաբեկչական է` աւելցնելով, որ Ուիսամ Հասան Լիբանանի նահատակն է:
Ան շեշտեց, որ ինք իր զաւկին սպանութեան յանցանքով ոչ ոք կ՛ուզէ ամբաստանել, ո՛չ կառավարութիւնը եւ ո՛չ ալ այլ անձնաւորութիւններ` աւելցնելով, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իրենց բարեկամն է եւ իրենց համար սիրելի անձնաւորութիւն մը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ուիսամ Հասանի սպանութեան հարցով բացուած հետաքննութեան ընթացքին յստակօրէն բացայայտուած է, թէ նախկին նախարար Միշել Սըմահայի հարցով գլխաւոր վկայ Միլետ Քֆուրին է, որ բացայայտած է Ուիսամ Հասանի Էշրեֆիէի մէջ գտնուող բնակարանը:

