Առաջին Տիկինը Այցելեց Էշրեֆիէի Պայթումին Պատճառած Վիրաւորներուն

Առաջին տիկինը կ՛այցելէ Ճենեֆըր Շտիտի

Լիբանանի Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման շաբաթավերջին այցելեց Էշրեֆիէի պայթումին պատճառած վիրաւորներուն, որոնք բաժնուած էին հիմնական երեք հիւանդանոցներու մէջ:

Առաջին տիկինը անոնց շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց` շեշտելով անոնց առողջութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ուաֆա Սլէյման հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ վիրաւորներուն հոգ տանող բժիշկներուն ու հիւանդապահուհիներուն հետ եւ հարցուց իւրաքանչիւրին առողջական իրավիճակին մասին:

Վիրաւորներուն այցելելու շրջագիծին մէջ, Առաջին տիկինը այցելեց նաեւ Լիբանանեան-քանատական հիւանդանոց, ուր ստուգեց վիճակը 10-ամեայ Ճենեֆըր Շտիտի, որ մահէ փրկուած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES