Լիբանանցի Լրագրող Ֆիտա Այթանի Տնային Կալանքի Տակ` Ազազի Մէջ
Լիբանանցի լրագրող Ֆիտա Այթանի եւս միացաւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու փաղանգին եւ դարձաւ Ապու Իպրահիմի «հիւր»-ը:
Սուրիոյ մէջ իր աշխատանքը կատարելու ընթացքին լրագրող Ֆիտա Այթանի, որ սուրիական տագնապին սկիզբէն հետեւած էր Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, անցեալ շաբաթավերջին առեւանգուեցաւ եւ տնային կալանքի տակ առնուեցաւ Հիւսիսի փոթորիկ ջոկատին կողմէ` Ազազի մէջ:
Զայն առեւանգող կողմը յայտարարեց, որ Այթանիի աշխատանքը ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէր սուրիական յեղափոխութեան նպատակներուն եւ առաքելութեան, հետեւաբար որոշուած էր զայն ժամանակաւոր կերպով տնային կալանքի տակ առնել:
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք խստիւ դատապարտեց լրագրող մը առեւանգելու արարքը` շեշտելով, որ այդ քայլը կը հարուածէ մամլոյ ազատութեան էութիւնը:
Ան մաղթեց, որ Ֆիտա Այթանի առողջ վիճակի մէջ ըլլայ:
Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն դատապարտեց Սուրիոյ մէջ Այթանիի առեւանգումը, երբ ան կը կատարէր լրագրողի իր պարտականութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց անմիջապէս ազատ արձակելու Այթանին:
Անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ֆիտա Այթանի յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին ազատ պիտի արձակուի: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ երեսփոխան Օքապ Սաքըր ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` ազատ արձակելու համար Ֆիտա Այթանին:


