Ժոմպլաթ – Հարիրի Բանավէճ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ բանավէճ մը ունեցած է:

Անդրադառնալով հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք վարչապետարանին դէմ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու համակիրներուն կողմէ կատարուած յարձակումին` Ժոմպլաթ նշեց, որ անոնք այդ քայլին փոխարէն կրնային ուղղուիլ սուրիական դեսպանատուն եւ հոն նստացոյց մը կազմակերպել: «Այդ ձեւը շատ աւելի լաւ էր», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Ակնարկելով Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախարարներուն հրաժարելու հաւանականութեան` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ «մեր կարգախօսը հետեւեալն է. «Այո՛ Լիբանանի կառավարութեան հրաժարումին, եթէ պայմանները ձեռնտու են»: Այդ պարագային կը հրաժարի կառավարութիւնը` ամբողջութեամբ, որպէսզի նոր կառավարութիւն մը կազմուի: Իսկ անիշխանութեան մասին մեր «ոչ»-ը` վճռակամ է: Նախարարներս պիտի չհրաժարին, որպէսզի երկիրը անիշխանութեան չմատնեն», ըսաւ Ժոմպլաթ` աւելցնելով, որ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի օրով, երբ շիի համայնքի նախարարները հրաժարեցան կառավարութենէն, այդ կառավարութեան օրինականութիւնը խոցելի դարձած էր:

Ժոմպլաթ յայտնեց նաեւ, որ վարչապետարան ներխուժումի փորձէն ետք Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իրեն հետ եւ պահանջած, որ ինք հրաժարի: «Ես մերժեցի Հարիրիի պահանջը եւ ըսի, որ չեմ հրաժարիր եւ երկիրը անիշխանութեան չեմ մատներ: Հարիրի ըսաւ, որ սիւննի համայնքի զաւակները կը սպաննուին: Իմ պատասխանս այն էր, որ սիւննիները չեն, որ կը սպաննուին, այլ` լիբանանեան պետութիւնն է, որ ահաբեկչութեան թիրախ կը դառնայ: Եւ աւելցուցի, որ մենք կոչուած ենք պետութիւնը ամրապնդելու. այս էր հօրդ որդեգրած ուղեգիծը: Ուրեմն մերժեցի հրաժարիլ եւ անոր յայտնեցի այլ բաներ, որոնցմէ Հարիրի նեղացաւ», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Ակնարկելով այն իրականութեան, որ Ժոմպլաթի նախարարները պիտի հրաժարին` ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին կոչին, Ժոմպլաթ ըսաւ. «Լիբանանի մէջ սադրանքներուն եւ գրգռութիւններուն վերջ տալու նպատակով կառավարութեան հետ համախոհութեամբ կը հրաժարիմ, որպէսզի նոր կառավարութիւն մը կարելի ըլլայ կազմել: Իսկ եթէ կառավարութենէն հրաժարիլս պայման է, որ Ապտալլա թագաւորը զիս ընդունի, ապա այդ պայմանին պիտի չընդառաջեմ: Իմ նպատակս Լիբանանի մէջ սադրանքները կանխարգիլել է եւ պիտի մնամ Մուխթարայի մէջ», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Հարցազրոյցին ընթացքին իսկ Հարիրի Ժոմպլաթի կատարած յայտարարութիւններուն պատասխանեց ըսելով. «Աստուած ներէ քեզի Ուալիտ պեք, որովհետեւ քու հասկացողութեանդ մէջ ապահովական կայունութիւնը կը նշանակէ, որ կառչած մնաս սուրիական-իրանեան առանցքին»:

Ժոմպլաթ Հարիրիի պատասխանեց հետեւեալ կերպով. «Աստուած ներէ անոր. ինծի համար արդէն ամէն ինչ յստակ դարձաւ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES