Ատհայի Տօնին Առիթով Լիբանանի Մէջ Համայնքային Գրգռութիւններուն Վերջ Տալու Կոչեր
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի եւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան Ատհայի տօնին առիթով արտասանած իրենց պատգամներուն մէջ յստակօրէն յայտնի դարձուցին, թէ սիւննի-շիի բախումներուն մասին իսկական մտավախութիւններ կան, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի զանոնք կանխարգիլելու միտումով:
Հանրապետութեան միւֆթին Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ կատարուած աղօթքին ընթացքին կոչ ուղղեց արմատապէս վնասազերծելու համայնքային թշնամանքի թոյնը, որ կրնայ ամբողջ Լիբանանը տարբաղադրել:
Միւֆթի Քապպանի ըսաւ, որ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը մէկ օղակն է Լիբանանի մէջ գործադրուելիք սպանութիւններու շարքին, որուն նպատակն է համայնքային գրգռութիւնները հրահրել:
Հանրապետութեան միւֆթին այս առիթով մերժեց փողոցին մէջ կառավարութիւնը տապալելու փորձերը` յայտարարելով, որ վարչապետութիւնը բարոյական խորհրդանիշ մըն է:
Իր կարգին, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց շարքերը միացնելու` պայքարելու համար անիրաւութեան եւ սխալին դէմ:
Ան մաղթեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ զինադուլը գոյատեւէ եւ բոլոր սուրիացիները վերադառնան իրենց իսկական էութեան, խիղճին եւ իսլամական կրօնին:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան իր պատգամին մէջ զգուշացուց Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրներէն: Ան հարց տուաւ, որ տասնամեակներ շարունակ տիրած այս կացութենէն Լիբանան դասեր պիտի չքաղէ՞:
Շէյխ Հասան հաստատեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն գիտակցութեամբ եւ ազգային պատասխանատուութեամբ անցընելու այս հանգրուանը:

