Նախագահ Սլէյման Զօրակցութիւն Ստացաւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին գրաւոր նամակ մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն, որ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութեան:
Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու հարցերու նախարար Եամինա Պենկիկի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի, այցելեց նախագահական պալատ եւ նախագահ Սլէյմանին փոխանցեց Հոլլանտի նամակը, որուն մէջ նշուած էր վերջինիս ցաւակցութիւնը հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի եւ Էշրեֆիէի պայթումին զոհերուն համար:
Նախագահ Հոլլանտ զօրակցութիւն յայտնած էր լիբանանցիներուն` նշելով, որ Էշրեֆիէի պայթումին նպատակն է երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտել եւ պետական հաստատութիւնները անդամալուծել:
Հոլլանտ իր նամակին ընդմէջէն կոչ ուղղած էր լիբանանցիներուն` իրենց երկրին գերագոյն շահերը առաջնահերթ նկատելու` հաստատելով, որ Փարիզ կառչած կը մնայ Լիբանանի ապահովութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան եւ մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի անոր:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ընդառաջելու ազգային երկխօսութեան իր հրաւէրին` կանխարգիլելու համար Լիբանանի մէջ աղէտալի նոր կացութիւններու ստեղծումը:


