Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքայի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն (4-րդ հանգրուանը նախորդ շաբաթ յետաձգուեցաւ), պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սատաքա արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը եւ ապահովեց իր առաւելագոյն 12 կէտը, երբ 5-2 արդիւնքով յաղթեց Ամերիկեան համալսարանի խումբին:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռապիհ Ապու Շահիա նշանակեց երեք կոլ:
Սեն Ժոզեֆ, որ կատարեց տարեշրջանի իր երրորդ մրցումը, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 4-2 արդիւնքով յաղթելով Ժամհուրի:
Այլ մրցումի մը, Հատաֆ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հալուսիէի հետ:
CATEGORIES Մարզական

