Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ա. Դասակարգի 5-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Արդիւնքները

Ահտ – Ախա Ահլի Ալէյ մրցումէն (Լուսանկարը Տրամադրեց`
Ատնան Հաժ Ալի)

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Նըժմէ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սալամ Սուրի Սաֆայէն վերստին խլեց պարագլուխի դիրքը: Վերջինս 5-1 արդիւնքով ջախջախելէ ետք Շապապ Ղազիէն, 24 ժամուան համար գրաւած էր պարագլուխի դիրքը:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Նըժմէ այժմ ապահոված է 10 կէտ` 4 մրցումէ ետք, մինչ Սաֆա` 9 կէտ:

Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.

Անսար – Ռասինկ 4-2
Շապապ Ղազիէ – Սաֆա 1-5
Նըժմէ – Սալամ Սուր 3-0
Իժթիմահի – Թրիփոլի 0-0
Թատամոն Սուր – Շապապ Սահել 1-0
Ահտ – Ախա Ահլի Ալէյ 4-0

Share this Article
CATEGORIES