ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԵՐԿՐՈՐԴ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂԻՆ ՀԵՏ «ՆՈՅՆ ՍԽԱԼԸ» ԿՐԿՆԵԼԷ

Ահմեթ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Իսրայէլը զգուշացուց անցեալ տարի դէպի Կազա ուղղուող նաւատորմիղին դէմ յարձակումին «նոյն սխալը» կրկնելէ:

Թրքական Մարդասիրական օժանդակութեան հիմնարկը, որուն կը պատկանի «Մաւի Մարմարա» նաւը, վերջերս յայտարարեց, որ կը պատրաստուի Կազայի շրջափակումը խզելու նոր նաւարկումի մը: Հիմնարկի տնօրէն Պիւլենթ Եըլտըրըմ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ կը պատրաստեն նաւատորմիղ մը, որ պիտի մեկնի Կազա, եւ «Մաւի Մարմարա»ն դարձեալ մաս պիտի կազմէ այդ նաւատորմիղին:

Տաւութօղլու յայտեց, որ նաւերուն Կազա մեկնիլը արգիլելը բացառուած է, որովհետեւ նախաձեռնութիւնը քաղաքային նախաձեռնութիւն մըն է: «Սիտնի Մոռնինկ Հերըլտ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան նշեց, որ «կրնանք խրատել, կրնանք բան մը ըսել, սակայն նաւատորմիղը չենք կրնար կասեցնել»:

Նշենք, որ այս ամսուան սկիզբը Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպան Կապի Լեւի թրքական կառավարութենէն պահանջեց կասեցնել այդ նաւատորմիղին աշխատանքը, որովհետեւ անոր նաւարկումը «գրգռութիւն» մը պիտի ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES