ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՕՊԱՄԱ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ԼԻՊԻՈՅ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են:
Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէ, թէ Էրտողան եւ Օպամա խօսած են Միջին Արեւելքի զարգացումներուն շուրջ իրենց խորհրդակցութիւնները շարունակելու մասին: «Նախագահը իր գնահատանքը յայտնեց Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ մարդասիրական ջանքերուն եւ ՕԹԱՆ-ի թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման ու զէնքերու մատակարարման արգիլման գործողութիւններուն անոր մասնակցութեան համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը յայտնէ, որ երկու ղեկավարները համաձայն գտնուած են, որ Լիպիոյ մէջ քաղաքայիններու դէմ յարձակումները դադրին, աւելի՛ն Քազզաֆի հրաժարի եւ վերջնականապէս հեռանայ երկրէն, որպէսզի մնայուն լուծում մը արտացոլէ լիպիացի ժողովուրդին կամքը:
«Նախագահ Օպամա եւ վարչապետ Էրտողան իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին իր ժողովուրդին դէմ սուրիական կառավարութեան կիրարկած անընդունելի բիրտ ուժին գծով: Ղեկավարները համաձայն գտնուեցան, որ սուրիական կառավարութիւնը անմիջապէս վերջ տայ ուժի կիրարկումին եւ անմիջապէս գործադրէ իմաստալից բարեփոխումներ, որոնք կը յարգեն սուրիացի քաղաքացիներու ժողովրդավարական ձգտումները», կը նշէ Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Անդրադառնալով Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն` Օպամա յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրները իրենց յարաբերութիւնները ի շահ շրջանային կայունութեան բարելաւելու առիթներ գտնեն: