ԵՄԷՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ

Եմէնցի ցուցարարներ

Եմէնի իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը այսօր Ռիատ կը մեկնին` ստորագրելու համար Եմէնի տագնապի լուծման եւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցման Արաբական ծոցի նախաձեռնութեան գործադրութեան համաձայնութիւնը:

Եմէնեան ընդդիմութեան բանբեր Մոհամետ Քահթան յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը Ծոցի երկիրներէն, ամերիկացի եւ եւրոպացի բարեկամներէն ծրագիրի կարգ մը կէտերու գործադրութեան շուրջ երաշխիքներ ստանալէ ետք իր վերջնական համաձայնութիւնը տուած է ծրագիրին: Եմէնի իշխանութիւնները արդէն իսկ ողջունած էին նախաձեռնութիւնը:

Ըստ նախաձեռնութեան, Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ իր լիազօրութիւնները փոխնախագահին կը յանձնէ, ապա մէկ ամսուան ընթացքին կը հեռանայ իշխանութենէն, կը կազմուի ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն աթոռներուն 50 առ հարիւրը կը վերապահուի իշխող կուսակցութեան, 40 առ հարիւրը` ընդդիմութեան միացեալ ճակատին, իսկ 10 առ հարիւրը` մնացեալ քաղաքական ուժերուն: Կառավարութիւնը Սալեհի հեռանալէն երկու ամիս ետք նախագահական ընտրութիւններ կը կազմակերպէ, խորհրդարանը կ՛որդեգրէ օրէնք մը, որ կը բացառէ Սալեհի, անոր ընտանիքի եւ վարչակազմի անդամներուն դատական հետապնդումը, ամէն տեսակի բողոքի ցոյցերն ու քաղաքացիական անհնազանդութիւնները, ինչպէս նաեւ զինուորական ըմբոստութիւնը կը դադրին:

Share this Article
CATEGORIES