Չորեքշաբթի, 28 Նոյեմբերին` Լիբանանի Ճատրակի Նոր Ֆետերասիոնին Ընտրութիւնները

Ինչպէս ծանօթ է, ողիմպիական խաղերուն աւարտէն ետք, իւրաքանչիւր ֆետերասիոնի երեք ամսուան ժամանակամիջոց մը կը տրուի` ընտրելու համար իր նոր ֆետերասիոնը:

Նախորդ շաբաթավերջին, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ չորեքշաբթի, 28 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենան նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:

Ֆետերասիոնին մամլոյ հաղորդագրութիւնը աւելցուց ըսելով, որ այս նոր ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան երեկոյեան ժամը ճիշդ 18:00-ին, Արարատ Պէյրութի ակումբին մէջ (Նահր, «Փեժէօ» ընկերութեան ետին):

Ժողովը օրինական չդառնալու պարագային, ճիշդ շաբաթ մը ետք տեղի պիտի ունենայ երկրորդ ժողովը, որուն համար հրաւէրներ պիտի չղրկուին անդամներուն:

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 17:00-ին տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը, որուն ընթացքին պիտի վաւերացուի ֆետերասիոնին միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը:

Որպէսզի այս համագումարը դառնայ օրինական, ֆետերասիոնին անդամներուն կէսէն աւելին պէտք է ներկայ ըլլայ անոր:

Իսկ ակումբներու ներկայացուցիչները անոր ներկայ գտնուելու համար իրենց ակումբներէն պարտին պաշտօնական նամակ բերած ըլլալ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի բոլոր այն անձերուն, որոնք կ՛ուզեն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն, անոնց համար ճշդուած վերջին պայմանաժամն է երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 18:00-ը:

Անոնք իրենց թեկնածութեան փաստաթուղթերը պէտք է ներկայացնեն ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրիին` հեռաձայնելով 03-955700 թիւին:

Այդ թեկնածուներուն ակումբները պէտք է ֆետերասիոնին վճարած ըլլան իրենց անդամակցութեան ցենզերը` ամբողջութեամբ:

Աւարտելով իր հաղորդագրութիւնը` ֆետերասիոնը կը նշէ, որ յաւելեալ որեւէ մանրամասնութեան համար պէտք է կապուիլ ընդհանուր քարտուղարին:

Share this Article
CATEGORIES