Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Ապրելու Իրաւունքը» Միութեան Ներկայացուցիչները

Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց «Ապրելու իրաւունքը» նոր միութեան ներկայացուցիչները: Միութեան նպատակն է զանազան միջոցներով ու ծրագիրներու մշակումով շեշտել կեանքի կարեւորութիւնը` մերժելով կեանքին սպառնացող ամէն տեսակի երեւոյթները: Միութեան պատասխանատուները հոգեւոր պետերուն այցելութիւններ կը կատարեն ունենալու համար անոնց զօրակցութիւնը, որպէսզի կառավարութեան ներկայացնեն իրենց պահանջը` «Ապրելու իրաւունք» անունով յատուկ օր մը հռչակել:

Վեհափառ հայրապետը ողջունելով այս նախաձեռնութիւնը` լայնօրէն անդրադարձաւ կեանքի հասկացողութեան, աստուածաբանական ու բարոյագիտական տեսանկիւններէ դիտուած: Ան ըսաւ, որ ընդհանուր գիծերով կեանքի նկատմամբ աշխարհի բոլոր կրօնները նոյն մօտեցումը ունին: Քրիստոնէութեան պարագային վեհափառը յիշեցուց, որ աստուածաշնչական ուսուցումներու լոյսին տակ կեանքը աստուածատուր նուէր է, հետեւաբար, ոեւէ մեղանչում կեանքի դէմ մեղանչում է Աստուծոյ դէմ: Ան միաժամանակ ըսաւ, թէ կեանքին պէտք է մօտենալ համապարփակ իմաստով, այլ խօսքով` կեանքը ունի իր բանական եւ ոչ բանական երեսները, եւ մարդը պէտք է դիտել որպէս բանական գոյութիւն ստեղծագործութեան ու տիեզերքի շրջագիծին մէջ: Հետեւաբար, ապրելու իրաւունքը միայն մարդուն առնչուած մտահոգութիւն պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ կենսոլորտին ու կենսոլորտին կապուած բոլոր գոյութիւններուն: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց, որ կեանքին առնչուած հիմնական արժէքները` արդարութիւն, խաղաղութիւն, ազատութիւն, սոսկ մարդկային իրաւանց սկզբունքներ չեն, այլ կեանքի նկատմամբ քրիստոնէական ուսուցումներուն հիմքը կը կազմեն: Արամ Ա. կաթողիկոս թելադրեց, որ այս հարցերուն գծով անհրաժեշտ է թէ՛ ակադեմական մակարդակի վրայ սեմինարներ ու դասախօսութիւններ կազմակերպել, եւ թէ աւելի պարզ մօտեցումով ժողովուրդին փոխանցել անհրաժեշտ տեղեկութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES