Պարտիզակի Նախկին Բնակիչ Հայերու Մասին
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Այս օրերուն Թուրքիոյ տեղական թերթերը, անհատ անձեր ու կազմակերպութիւններ իրենց ակնարկը սեւեռած են դէպի անցեալ եւ այդ անցեալէն լոյս աշխարհ կը բերեն բազմաթիւ փաստեր` հայ ժողովուրդի այս հողերուն վրայ կերտած քաղաքակրթութեան, ապրելակերպին եւ հետագայ ցաւալի դէպքերու մասին:
Այդ մասին լուր մը հրատարակուած է «Հայ Թերթ»-ի մէջ, ուր կը խօսուի Գոճաէլիի նահանգի կապուած, Պարտիզակի (ներկայիս` Պահչեճիք) նախկին հայ բնակիչներուն մասին: Կ՛ըսուի, որ նախապէս Պարտիզակի մէջ գոյութիւն ունէին 5 գիւղեր, որոնք զուտ հայկական գիւղեր էին: Այդ գիւղերու կողքին կային նաեւ 1 յունական եւ 2 մահմետական (վրացական) գիւղեր:
Հայկական գիւղերէն մէկն էր Տօնկելի Սուրբը գիւղը, որ հետագային վերածուեցաւ Տէօնկելի: Այս գիւղի 75 շէնքերուն մէջ կ՛ապրէին հայ ընտանիքներ: Այս գիւղէն քիչ հեռու կը գտնուէին 28 բնակարաններ, որոնք նոյնպէս հայաբնակ էին: Այստեղ կը գործէր հայոց Սուրբ Սարգիս անուամբ եկեղեցին: Կար Ժամավայր գիւղը` 40 տուն հայ բնակիչներով: Իսկ Պարտիզակի Օվաճըք գիւղը ունէր 500 բնակարաններ, որոնց բոլոր բնակիչներն ալ հայեր էին: Այս գիւղը համբաւաւոր էր իր մեծահարուստ հայ բնակիչներով: Պարտիզակի մէջ կար նաեւ Ենիգիւղ թաղը, որ յունաբնակ էր: Հայեր «Հոռոմ Գիւղ» կ՛անուանէին այս գիւղը, որ լուսաղբիւր մը ունէր: Հայեր ունէին նաեւ Զաքար գիւղը` 65 տունուոր հայ բնակիչներով:
Պարտիզակի կեդրոնը 1914 թուականին ունէր 10.000 բնակիչներ, որոնք բոլորն ալ առանց բացառութեան հայեր էին: Պարտիզակի մէջ կը գտնուէին 1.400 փայտաշէն տուներ, ուր կ՛ապրէին 2000 հայ ընտանիքներ: Այդ տարածքը ամբողջութեամբ թուրք անհատի մը, կամ գիւղապետի մը հսկողութեան տակ էր: Միայն թէ այդ թուրք ծագումով գիւղապետը, բացի ծանրակշիռ պարագաներէ, տեղացի ժողովուրդի ապրելակերպին միջամտելու իրաւասութիւն չունէր:
Մայր պողոտայի վրայ, եկեղեցիին քով, Աղա Չէսմէսի անուամբ կառավարական շէնքը կար: Այս շէնքի թուրք ծագումով աղաները կալուածատուրք կը գանձէին: 1835-էն առաջ Պարտիզակի թուրք գիւղապետներ եղած են Հաճը փաշա, Չէլէպի աղա, Օսման աղա, Էօմէր աղա:
Այսպէս ահա, յօդուածագիրը անցեալը պեղելով, ջանք կը վատնէ հայերու մասին լոյս աշխարհ բերելու յիշեալ տեղեկութիւնները` օգտուելով հաւանաբար ի ձեռին ունեցած վաւերական կարգ մը աղբիւրներէ:

