Նախագահական Ընտրութիւններու Սեմին.- Ի Նպաստ Ոչ Ոքի
«Հայրենիք»
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրարշաւը հասած է իր աւարտական հանգրուանին, եւ համեմատած չորս տարի առաջուան կատարուած «Ի նպաստ Օպամա»-ի աշխատանքին` շատ բան փոխուած է: Եւ այս ստեղծուած իրադարձութիւններուն արդիւնք է, որ ամերիկահայը որոշած է այս անգամ ձեռնածալ մնալ եւ երբեք չտանիլ այս կամ այն թեկնածուին ի նպաստ աշխատանք:
Անտարբերութիւն չէ այս կրաւորական կեցուածքը, ոչ ալ` քաղաքական ճկունութիւն, «շանթաժ» կամ «պլէքմէյլ», այլ պարզ ու մեկին` անտարբերութեան դէմ… պարզապէս անտարբերութիւն:
Արդարեւ, ո՛չ դեմոկրատական թեկնածու նախագահ Օպաման, ո՛չ ալ հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնին ի նպաստ Հայ դատին եւ Հայոց ցեղասպանութեան արտայայտութիւններ ունեցան:
Ռոմնիի պարագային, բազմիցս փորձեր կատարուեցան, որպէսզի ան բացայայտէ իր կարծիքն ու մօտեցումը, սակայն դժբախտաբար Մասաչուսեցի նախկին կառավարիչին համար այլ բնագաւառներ եւ անշուշտ քուէներ աւելի կը հետաքրքրէին, մինչդեռ 2008-էն ի վեր Սպիտակ տան վարձակալ Պարաք Օպամա, որ միշտ ալ խոստումներ տուած էր, բազմիցս խուսափեցաւ եւ գէթ քաջատեղեակ ըլլալով «Եղեռն» եւ «Ցեղասպանութիւն» եզրերու տարբերութենէն` շարունակ եւ նոյնիսկ Մեսրոպաշունչ լեզուով նշեց «Մեծ եղեռն»-ը, գերադասելով զգացականը` լեմքինեան ցեղասպանութիւն բառի իսկական արդարադատութենէն:
Մինչ այդ նախագահ Օպամայի խոստումնադրուժ ըլլալու առաջին ազդանշանը մարտ 2009-ի եկաւ, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ գտնուելով` ոսկի առիթ մը կորսնցուց եւ չօգտագործեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառն ու բացատրութիւնը: Աւելի՛ն. ան Թուրքիոյ կոչ ըրաւ վերատեսութեան ենթարկել իր անցեալը, եւ հուսկ, ան բաւարարուեցաւ այն դարձդարձիկ նշումով մը, որ իր անձնական տեսակէտը այս հարցով անփոփոխ կը մնայ:
Դեռ աւելի՛ն. նախագահ Օպամա, որ ղեկավարման չորս տարիներու ընթացքին հայ համայնքին հետ ոչ մէկ հանդիպում ունեցաւ` հակառակ ամերիկահայերու հետ մօտէն աշխատելու իր խոստումին, նաեւ չկատարեց իր խոստումները բազմաթիւ այլ բնագաւառներու առնչութեամբ: Դեռ աւելի՛ն. նախագահ Օպամա բազմիցս փորձեց նուազեցնել Հայաստանին յատկացուող արտաքին օժանդակութիւնը եւ հակառակ անոր որ խոստացած էր Հայաստանի հետ առեւտուրին զարկ տալ, ան ոչ մէկ գործնական քայլ առաւ: Իսկ Արցախի հիմնահարցին գծով ան ազերիամէտ պաշտօնեայ մը` Մեթիու Պրայզան, նշանակեց Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան:
Այս բոլոր անցուդարձերուն լոյսին տակ, ամերիկահայը մտադրած է մնալ անտարբեր եւ քուէարկել ոչ ոքի:

