ԸՍՏ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՊԷՏՔ Է ԱՅՆՊԷՍ ԸՆԵԼ, ՈՐ ՄԻՋԻՆ ԽԱՒԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՉԼՔԷ ԵՒ ԻՐ ԱՊԱԳԱՆ ՉՓՆՏՌԷ ԱՅԼ ԵՐԿՐԻ ՄԷՋ

Հայաստանի մէջ միջին խաւի ձեւաւորումը օրուան հրամայականն է: Այս մասին երէկ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Արժէքների դերը անցումային հասարակութիւններում» խորագրով խորհրդաժողովին ժամանակ ըսաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ համապատասխան ուսումնարաններու կայացման միջոցով պէտք է այնպէս ընել, որ միջին խաւը չլքէ հայրենիքը եւ իր ապագան չփնտռէ այլ երկրի մէջ:

«Եթէ հասարակութիւնում չկայ միջին խաւ, անհնար է քաղաքացիական հասարակութիւն կառուցել, եւ տարրական բարեփոխումները դատապարտուած կը լինեն ձախողման: Հայաստանում պէտք է ձեւաւորուի նոր օրակարգ, որը վեր կը հանի այն խոչընդոտները, որոնք առկայ են միջին խաւի ձեւաւորման ճանապարհին», ընդգծեց վարչապետը: Ան կարեւոր նկատեց երկրին մէջ սեփականութեան իրաւունքի ամրապնդումը, իշխող սակաւապետութիւններուն դէմ պայքարը, մրցակցային բարենպաստ պայմաններու ստեղծումը, գործարարութեան համար կարգուկանոն հաստատելը, հասարակութեան լայն խաւի մասնակցութիւնը որոշումներու ընդունման հարցին մէջ: Այս գործընթացները, ըստ վարչապետին, աւելի առարկայական պիտի դարձնեն երկրին մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումը:

Տիգրան Սարգսեան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ կ՛աւելնայ նիւթապէս ապահով խաւը, սակայն կարելի չէ կաշառակեր մեծահարուստը միջին խաւ համարել: «Աւելի՛ն. այդ մարդիկ վտանգաւոր են հասարակութեան համար», ընդգծեց վարչապետը:

Այն հասարակութիւնը, որուն մեծ մասը չի հետաքրքուիր քաղաքականութեամբ, բայց ընտրութիւններուն քուէարկելու իրաւունք կը ստանայ, ըստ վարչապետին, թոյլ հասարակութիւն է: Նման հասարակութիւններու մէջ ընտրութիւնները կը դառնան առքուվաճառքի առարկայ, կը ձեւաւորուի թոյլ խորհրդարան եւ կառավարութիւն, ժողովրդավարութիւնը կը դառնայ ձայներու շուկայ: Իսկ թոյլ կառավարութիւնները, Տիգրան Սարգսեանի խօսքով, ի վիճակի չեն պայքարիլ ստուերային տնտեսութեան դէմ, հաւաքագրել հարկեր, այդ երկիրներուն մէջ կ՛աճին գիները, արտաքին պարտքի չափը: «Դա բերում է հասարակութեան մէջ յանցագործութիւնների աւելացմանը», ընդգծեց ան:

«Եթէ հայ հասարակութեանն այսօր անհրաժեշտ է կայունութիւն, ապա դրա կարեւորագոյն գրաւականը հէնց միջին խաւն է, որովհետեւ միջին խաւն է հասարակութեան համար բարոյագիտութեան կանոններ սահմանում, տալիս իրաւական եւ բարոյական չափանիշներ հասարակութեան ձեւաւորման համար», ըսաւ Տիգրան Սարգսեան:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` վարչապետը նշեց, որ երկրին մէջ միջին խաւ ձեւաւորելու երկու ճամբայ կայ: Մէկը բնականոն զարգացումն է, երբ մասնաւոր սեփականատէրերը կը զարգանան եւ կը պայքարին իրենց իրաւունքներուն համար, իսկ միւս ճամբան բարեփոխումներն են, երբ պետութիւնը ամբողջատիրական համակարգէն անցում կը կատարէ ժողովրդավարական հասարակութեան եւ կը ձեւաւորէ ժողովրդավարական հասարակութեան բնորոշ կանոններ:

Թէ քանի տարի ետք կարելի կ՛ըլլայ երկրին մէջ կայացած միջին խաւ ունենալ հարցումին Տիգրան Սարգսեան պատասխանեց, որ ամէն ինչ կախուած է բարեփոխումներու ընթացքէն: Համաշխարհային փորձը ցոյց կու տայ, որ ատոր համար կը պահանջուի տասը տարի:

Վարչապետը նաեւ նշեց, որ խորհրդային ամբողջատիրական համակարգէն ետք` միջին խաւի ծնելուն համար` Հայաստանի մէջ բարենպաստ պայմաններ չկային, չկար մտածողութիւն, չկային մարդիկ, որոնք ունէին գործարարութիւն, նիւթական միջոցներ, ինքնուրոյնաբար իրենց տնտեսական գործունէութիւնը ծաւալելու կարողութիւններ, գիտելիքներ, փորձ, մտածողութիւն: Այս ամէնը պէտք է ձեւաւորուի: «Մենք մի ակնթարթում հռչակեցինք ազատութիւններ, մասնաւոր սեփականութիւն ամրագրեցինք օրէնքում, սեփականաշնորհման գործընթաց գնաց, բայց այդ խաւը դեռեւս առկայ չէր Հայաստանում: Դա էլ հէնց լրջագոյն խնդիրն է: Մենք տեսանք, որ վերջին 20 տարիների ընթացքում եղան լրջագոյն աղաւաղումներ: Գիտակցելով այս խնդիրները` մենք պէտք է աւելի խելամիտ ռազմավարութիւն մշակենք ապագայ 20 տարիների համար», ընդգծեց վարչապետը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES