ՏԻՆՔԸ ՍՊԱՆՆԱԾ ՍԱՄԱՍԹԻ ՆՄԱՆ «ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ» ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ` ԱՏԱՆԱՅԻ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԸ ԴԷՄ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ երկու թուրքեր յարձակում գործած են Ատանայի Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ դէմ` Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի նման «հռչակաւոր» դառնալու համար: Ըստ օրաթերթին, ոստիկանութեան կողմէ Սերհաթ Է.ի եւ Իպրահիմ Ք.ի ե-նամակներուն եւ Դիմատետրին վրայ տեղադրած հաղորդագրութիւններուն ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք յստակ դարձած է, որ այդ երկու թուրքերը եկեղեցւոյ դէմ յարձակումը գործած են կանխամտածուած ձեւով` Օկիւն Սամասթին նմանելու համար: «Օկիւնը զգայացունց արարք կատարեց: Մենք ալ մեր մասին իմացնենք, յայտնի դառնանք, ոչնչացնենք զանոնք», կը նշուի յարձակում գործած երիտասարդներուն հաղորդագրութիւններէն մէկուն մէջ:

Հետաքննութիւնը ի յայտ բերած է, թէ անոնք յարձակում գործելէ առաջ հեռաձայնած են թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան եւ ըսած. «Մենք կը պատրաստուինք եկեղեցւոյ վրայ յարձակում գործելու»:

Երկու թուրքերը 21 ապրիլին դանակներով եւ սուրերով յարձակում գործած են Ատանայի մէջ գտնուող Ս.Պօղոս կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ: Անոնք նախ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն թոյլտուութեամբ մուտք գործած են եկեղեցի, ապա իրենց սուրերն ու դանակները հանելով բացագանչած. «Մենք իսլամներ ենք: Հոս Թուրքիան է: Ալլահ աքպար», որմէ ետք սկսած են ջարդուփշուր ընել ամէն ինչ: Բարբարոսները քանդած են եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած Յիսուս Քրիստոսի եւ Մարիամ Աստուածածինի արձանները:

Եկեղեցւոյ սպասաւորները անմիջապէս հեռաձայնած են ոստիկանութեան, որ դէպքին վայրը հասնելով ձերբակալած է երկու թուրքերը, որոնք իրենց առաջին վկայութեան մէջ յայտնած են, որ յարձակումը գործած են, որովհետեւ եկեղեցւոյ սպասաւորները իրենց առաջարկած են Աւետարան բաժնել:

 

Share this Article
CATEGORIES