ՊԱՔՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԻՆ ՋՈՒՂԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ՏՈՒԱԾ
Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կը հաղորդէ, որ 21 ապրիլին դեսպան Մեթիու Պրայզա աւարտած է Նախիջեւան իր երկօրեայ այցելութիւնը, որուն ընթացքին անոր չեն արտօնած այցելել Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը, որուն հազարաւոր խաչքարերը 2005-ին քանդած էին ազրպէյճանցի զինուորները:
Նախքան դեսպան նշանակուիլը, Պրայզա խոստացած էր այցելել հայկական գերեզմանատուն` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու բարբարոսական այդ արարքին, սակայն Նախիջեւանի իշխանութիւնները մերժած են անոր առաջարկը` խոստանալով միայն «յառաջիկայ ամիսներուն» նման այցելութիւն կազմակերպել: Պրայզա Նախիջեւանի մէջ կոչ ուղղած է պաշտպանելու մշակութային եւ կրօնական արժէք ներկայացնող ժառանգութիւնը` հայկական գերեզմանատան աւերումը «ողբերգութիւն» նկատելով:
Ըստ Պրայզայի, ինք աշխատանք տարած է Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ Շուշիի եւ Աղտամի մէջ ազրպէյճանական մզկիթները պաշտպանելու ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ այդպիսի վայրերու պահպանութիւնը պէտք է գերադասուի քաղաքական, մշակութային ու կրօնական բոլոր շահերէն:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը «հինգ տարիով ուշացած» նկատեց Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատուն այցելելու Պրայզայի փորձը` յիշեցնելով, որ ան անտեսած էր խաչքարերու ոչնչացումը անմիջապէս դատապարտելու հայութեան կոչը, եւ այդ մասին յայտարարութիւն կատարած էր միայն երեք ամիս ետք, այդ ալ Երեւանի մէջ` պատասխանելով լրագրողներու հարցումին: