ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԿԱՐՍԻ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՔԱՆԴՈՒՄԸ
«Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Կարսի մէջ հայ-թրքական բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշարձանի քանդումին դէմ է: Յուշարձանը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ «հրէշային» անուանուած էր:
Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական յանձնախումբի համանախագահ Հելեն Ֆլոթր յայտնած է, որ յուշարձանը քանդելը յուշակոթողներու դէմ գրաքննութիւն մըն է եւ մտահոգիչ զարգացում մը: Ֆլոթր նաեւ ըսած է, որ յուշարձանը թուրքերուն եւ հայերուն միջեւ բարեկամութեան ծրագիր մըն էր, եւ անոր քանդումը այդ պատգամին ջնջումը կը նշանակէ:
CATEGORIES Հայկական

