ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար, Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ այցելած է Պոլսոյ Ս. Թագաւոր հայկական եկեղեցի:
Պաղըշ շնորհաւորած է եկեղեցւոյ սպասաւորներուն Ս. Զատկուան տօնը` յոյս յայտնելով, որ 12 յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ հոգեւորականները աջակցին եւ աղօթեն իրենց համար: Հանդիպումին ընթացքին թուրք նախարարը մէջբերած է Հրանդ Տինքի` խաղաղութեան վերաբերեալ խօսքերը:
CATEGORIES Հայկական

